ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ ԿԸ ԼՐՋԱՆԱՆ
Ամբողջութեամբ պաշարեալ Արցախի մէջ վտանգները հետզհետէ կը խորանան։ Շրջափակումը այնպիսի համեմատութիւններու հասած է, որ դանակը արդէն ոսկորին դպչելու վրայ է։ Ըստ Ստեփանակերտէ հասած լուրերուն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այսօր հանրային փոխադրամիջոցները ամբողջութեամբ կանգ կ՚առնեն։ Մայրաքաղաքէն հասած դրուագները կը վկայեն, որ Արցախի ժողովուրդը արդէն հանապազօրեայ հացը ճարելու համար հերթ պահելու ստիպողութեան ենթարկուած է։ Հիւանդներու պարագան ալ կը պարզէ ողբերգական այլ տեսարան մը։ Արդարեւ, Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուող հիւանդները յաւելեալ խոչընդոտներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը մնան։ Ատրպէյճան՝ Լաչինի միջանցքին մէջ հաստատած ապօրինի անցակէտէն ներս գործի կոչած է բժիշկներ, որոնք յաւելեալ քննութիւններ կ՚իրականացնեն հիւանդներու պարագային։ Ստեղծուած իրավիճակը իսկապէս ծանրակշիռ է եւ այս մթնոլորտին մէջ Երեւանի կեդրոնին ալ սկսած է որոշ եռեւեփ մը։ Քաղաքամայրը, առայժմ թէկուզ փոքր, բայց անհանգստութեան նշաններ կու տայ։ Երեւանի մէջ երիտասարդներ պողոտաներու եւ փողոցներու մէջ ճանապարհներու վրայ պառկելով ատեն-ատեն երթեւեկը կը կասեցնեն՝ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար Արցախի շրջափակման վրայ։ «Բացէ՛ք կեանքի ճանապարհը» եւ «Մենք Արցախն ենք» կարգախօսերով յառաջ կը տարուին այս ցոյցերը, որոնց շրջանակին մէջ խումբ մը ցուցարարներ արդէն ՄԱԿ-ի Երեւանի ներկայացուցչութեան շէնքին առջեւ ալ ցոյցեր կը կատարեն։
Ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին մէջ հայկական կողմը կը շարունակէ յամառօրէն յառաջ տանիլ դիւանագիտական ջանքերը։ Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Թեհրանի մէջ շփումներ ունեցաւ, իսկ այսօր ան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ալ երէկ Հռոմի մէջ տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ ՄԱԿ-ի Պարէնային համակարգերու գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս զրոյցը, որու ընթացքին Վահագն Խաչատուրեան Անթոնիօ Կութերեսի նկատառման յանձնեց Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապի սպառնալիքները։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս առկայ իրողութիւններուն եւ զարգացումներուն։
Արարատ Միրզոյեանի Թեհրանի երէկուան շփումները իսկապէս մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէին։ Ան հիւրընկալուեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ։ Նախարարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։ Տարածաշրջանային առկայ մարտահրաւէրներուն կապակցութեամբ Երեւանի եւ Թեհրանի լուծման ընկալումները կարեւոր չափով ներդաշնակութիւն կը պարզեն։ Միրզոյեանի այցելութեան առթիւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասէր Քանաանի յայտնեց, որ իր երկիրը կ՚աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու նոր փուլին։ Ան յայտնեց, որ Թեհրան պատրաստակամ է նպաստելու համար Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն։ «Իրան կ՚աջակցի հարեւաններու միջեւ տարաձայնութիւններու լուծման խաղաղ գործընթացին», ըսաւ բանբերը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեանի եւ Ռայիսիի երէկուան զրոյցի ընթացքին ալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերը։ Մինչ այդ, Միրզոյեանի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ապտուլլահիան կարեւոր յայտարարութիւն մը ըրաւ։ Ան տեղեկացուց, որ իր հայ պաշտօնակցին հետ քննարկած են համագործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային այժմէական հարցեր։ Իր խօսքով՝ զրուցած են տարածաշրջանի միջանցքներու, տարանցիկ հնարաւորութիւններու եւ հաղորդակցութիւններու խոչընդոտներու վերացման անհրաժեշտութեան եւ Հայաստան-Իրան պատմական ու աւանդական միջանցքներու համար խոչընդոտ չստեղծելու մասին։ Ապտուլլահիան դիտել տուաւ, որ Թեհրան եւ Երեւան տարանցիկ երթուղիներու կարեւորութեան վերաբերեալ յատուկ ընդգծում ունին։ «Այսօրուան քննարկումներու ընթացքին իմ պաշտօնակցին ներկայացուցած եմ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին իրմէ լսածս՝ առ այն, որ Զանգեզուրի միջանցքը ան կ՚արծարծէ որպէս խոչընդոտներու վերացման ուղղեալ քայլ։ Ալիեւ վստահեցուցած է, որ Ատրպէյճան չէ եղած ու երբեք պիտի չըլլայ միջանցք ստեղծելու եւ Հայաստան-Իրան պատմական միջանցքներու փակման ջատագով։ Մենք ալ անձամբ բացատրած ենք, որ նոյնիսկ ճգնաժամային պայմաններու ներքեւ պիտի չփակենք Ատրպէյճանէն Նախիջեւան հաղորդակցութեան ուղին եւ այդ առումով երկու երկիրներու միջեւ կայ պայմանաւորուածութիւն», ըսաւ Ամիր Ապտուլլահիան։
Հարկ է միջանկեալ նշել, որ Ապտուլլահիանի կողմէ Ալիեւի անունով փոխանցուած այս վստահեցումներով հանդերձ, Ատրպէյճանի նախագահը երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ Զանգեզուրի միջանցքին մասին։ Իր խօսքով՝ այդ միջանցքի Ատրպէյճանի հատուածի շինարարութեան աշխատանքներուն շուրջ 70 տոկոսը արդէն աւարտած է։
Մինչ հայկական կողմը միջազգային հանրութեան ուղղեալ իրերայաջորդ պատգամներով հանդէս կու գայ, այսօր Երեւանի մէջ նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսը։ Կէսօրուան ժամերուն ան կը մէկտեղուի հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներէ շուրջ 50 ներկայացուցիչներու հետ, որոնց հարցումներուն պատասխանելով կը մեկնաբանէ հրատապ օրակարգին վերաբերեալ խնդիրները։ Մինչ այդ, ֆրանսական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ վերջին օրերուն իրերայաջորդ ձեւով տեղ կու տան Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն եւ մօտեցումներուն։ Շաբաթավերջին «Agence France Press» (AFP) գործակալութիւնը հարցազրոյց մը սփռեց վարչապետին հետ։ Իսկ երէկ, «Le Monde» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Նիկոլ Փաշինեանի յօդուածը։ Վարչապետը այս առթիւ գրած է, որ Հայաստան գործով ապացուցանած է, թէ կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը ունին իսկական կամք՝ տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար։ Հայաստանի կառավարութիւնը համոզուած է, թէ Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութիւնը կրնայ կլոպալ զգալի օգուտներ ապահովել։ Անդրադառնալով նաեւ Պրիւքսելի վերջին բանակցութիւններուն եւ զանազան ձեւաչափերու մէջ վերջին ամիսներուն ծաւալուած քննարկումներուն՝ Նիկոլ Փաշինեան արձանագրած է հետեւեալը. «Հակառակ խաղաղութեան համաձայնագրի ուրուագիծերը կը ձեւաւորուին, զայն իրականութիւն դարձնելու համար տակաւին էական խոչընդոտներ կան։ Այս պահուն խաղաղութեան ամենամեծ խոչընդոտը Ատրպէյճանի ակրեսիւ եւ ապօրինի գործողութիւններն են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ՝ մասնաւորապէս Լաչինի միջանցքին մէջ, նաեւ Հայաստանի սահմաններուն մէջ։ Լաչինի միջանցքը Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը արտաքին աշխարհին հետ կապող միակ ճանապարհն է»։
Մոսկուայի այսօրուան նախարարներու բանակցութիւններուն ընդառաջ շահագրգիռ բոլոր կողմերը բացատրութիւններ տուին օրակարգային հարցերուն շուրջ։ Ռուսական կողմին փոխանցած տեղեկութիւններուն առընթեր, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ նախարարները կ՚անդրադառնան տարածաշրջանային անվտանգութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը, մարդասիրական խնդիրները։
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ Մոսկուայի այսօրուան բանակցութիւններուն ընդառաջ կոչով մը դիմեց երեք արտաքին գործոց նախարարներուն։ Միեւնոյն ժամանակ, ան փափաք յայտնեց, որպէսզի Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի զգոյշ ըլլան Արցախի վերաբերեալ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ։