ԱՐԴԻՒՆԱՒԷ՞Տ…

Երէկ, Մոսկուայի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում մը ունեցան՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ ներկայիս պատրաստութիւններ կը տարուի, որպէսզի նոր գագաթաժողով մը կազմակերպուի այս երեք երկիրներու ղեկավարներուն մակարդակով։ Միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուայէն կը հասնին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց երեք երկիրներու ղեկավարներու քննարկման յանձնելու համար կը պատրաստուի նաեւ նոր փաստաթուղթ մը։

Երէկ, Սերկէյ Լաւրով նախ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ, իսկ աւելի վերջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի հանդիպումը։ Բանակցութիւններու սկիզբին Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ապօրինի շրջափակումը կը բարդացնէ բանակցային գործընթացը։ Ըստ նախարարին, հանդիպումները, բանակցութիւնները բաւական աշխոյժ կ՚ընթանան։ Որոշ հարցերու պարագային յստակ արդիւնքներ կան, որոշ հարցերու շուրջ տեսանելի են հեռանկարներ, ուր կողմերը կրնան փոխադարձ համաձայնութեան գալ։ Բայց եւ այնպէս, կը մնան նաեւ խնդրայարոյց հարցեր, որոնց շուրջ երկու կողմերու դիրքորոշումները շատ հեռու են իրարմէ։ «Մենք շինիչ տրամադրուած ենք եւ բանակցութիւններ կը վարենք բոլոր հարթակներու վրայ եւ բոլոր ուղղութիւններով։ Աւա՜ղ, իրավիճակը աշխարհի մէջ՝ մասնաւորապէս Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ապօրինի շրջափակումը կը բարդացնեն բանակցային գործընթացը», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այժմ լուրջ մարդասիրական տագնապ մը խնդրոյ առարկայ է եւ իրավիճակը մօտ է իսկական մարդասիրական աղէտի վերածուելու։ «Իրավիճակը ժամ առ ժամ աւելի կը լրջանայ։ Լեռնային Ղարաբաղ չեն մտներ պարէն, դեղամիջոց, դադրած է կազի ու ելեկտրականութեան մատակարարումը եւ եթէ չյաջողինք լուծում գտնել եւ Ատրպէյճան չդադրեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը, մարդասիրական աղէտը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ընդհանուր բանակցային գործընթացին վրայ։ Սակայն կը կրկնեմ, որ հայկական կողմը շինիչ տրամադրուած է, կը շարունակենք բանակցութիւնները», ըսաւ Մոսկուայի մէջ Արարատ Միրզոյեան։

Ճէյհուն Պայրամովն ալ Մոսկուայի մէջ յայտնեց, որ բանակցութիւններու արդիւնքները կը զիջեն բանակցային գործընթացի բուն թափին։ «Բայց գուցէ սխալ կ՚ըլլար ըսել, որ դրական արդիւնքներ ընդհանրապէս չկան կամ գոյութիւն չունին», ըսաւ Ճէյհուն Պայրամով Մոսկուայի բանակցութիւններուն առթիւ։

Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրով ընդգծեց, որ Ռուսաստան հետաքրքրուած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեամբ ու կայունութեամբ։ «Մեր ջանքերը ուղղուած են իրավիճակի կայունացման ինչպէս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին, այնպէս ալ մարդասիրական խնդիրներու լուծման, տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման, մարդոց միջեւ, քաղաքացիական հասարակութիւններու, մասնագէտ-քաղաքագէտներու ուղղութեամբ հաղորդակցման զարգացման», ըսաւ ռուս նախարարը եւ աւելցուց, որ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդներու քննարկման համար նոր փաստաթուղթեր կը պատրաստուին՝ ի լրումն ցարդ ստորագրուած յայտարարութիւններուն։ Յամենայնդէպս, Լաւրով ոչինչ ըսաւ այդ փաստաթուղթերու բովանդակութեան շուրջ։

Բանակցութիւններուն նախորդած երկկողմանի հանդիպումներուն ժամանակ ռուս նախարարին կողմէ օգտագործուած արտայայտութիւնները որոշ լրատուամիջոցներու կողմէ այս ուղղութեամբ ակնարկներ համարուած են։ Այսպէս, Լաւրով նշած է, որ կարեւոր կը համարուի յառաջ ընթանալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններով՝ ներառեալ փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակում մը, սահմանազատումն ու հասարակական կառոյցներու միջեւ երկխօսութիւնը։ Ռուսական կողմը պատրաստ է ամէն ձեւով աջակցիլ այդ բոլորին։ «Կ՚ակնկալենք յատուկ շեշտադրում կատարել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վերաբերեալ լուծումներ գտնելու շուրջ։ Մենք ունինք շարք մը գաղափարներ ու կը յուսանք, թէ անոնք օգտակար կ՚ըլլան», նշեց Լաւրով։

Սերկէյ Լաւրով եռակողմանի բանակցութիւններէն վերջ ամփոփիչ յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։ Ռուս նախարարը արդիւնաւէտ որակեց եռակողմանի բանակցութիւնները։ Իր խօսքով՝ քննարկուեցաւ տարածաշրջանային օրակարգը՝ առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ու անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։ Լաւրով նշեց, որ իր պաշտօնակիցներուն ներկայացուցած է ռուսական կողմի գնահատականները՝ հաշուի առնելով այն զեկոյցները, որոնք կը ներկայացուին ռուս խաղաղապահներուն կողմէ։ Ան մատնանշած է այն քայլերը, որոնք խիստ ցանկալի կը համարուին անյապաղ, առանց ուշացումի ձեռնարկելու համար՝ Ղարաբաղի բնակչութիւնը սնունդով, դեղօրայքով, առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներով օժտելու, անխափան ելեկտրականութիւն եւ կազամատակարարում ապահովելու համար։ «Սա կը բխի հասարակ մարդոց, հայերու, տարածաշրջանի բնակիչներու շահերէն։ Ռուսաստան՝ որպէս խաղաղ գործընթացի առանցքային միջնորդ, շահագրգռուած է տագնապի շուտափոյթ կարգաւորմամբ՝ լիովին համապատասխան այն եռակողմանի յայտարարութիւններուն, որոնք Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները ընդունած են 2020, 2021 եւ 2022 թուականներուն», ըսաւ Լաւրով։

Բանակցութիւններուն յաջորդած յայտարարութիւններուն ժամանակ Սերկէյ Լաւրով շարունակեց. «Խօսեցանք կարեւոր նիւթի մը մասին եւս, որ այդ պայմանաւորուածութիւններու շրջանակին մէջ է։ Նկատի ունիմ ամբողջ տարածաշրջանէն ներս անարգել երթեւեկութեան ապահովումը, փոխադրութեան, տնտեսական հաղորդակցութեան ապաշրջափակումը։ Յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերուեցաւ սահմանազատման հարցերուն, որոնք սերտօրէն կապուած են քննարկուած խնդիրներու ամբողջ շարքին հետ եւ Պաքու-Երեւան խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքման հարցերուն։ Կ՚ակնկալենք, որ բանակցային մեծ գործընթացի գագաթնակէտը ըլլայ այդ իսկ պայմանագրի ստորագրումը, որ գիծ պիտի քաշէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եռակողմանի հանդիպումներու ընթացքին հայերու եւ ատրպէյճանցիներու սկսած ջանքերուն տակ։ Ճանապարհը դիւրին չէ։ Շատ բարդ եւ կարեւոր հարցեր պէտք է լուծուին։ Անոնցմէ ամենազգայունը եղած է ու կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները եւ անվտանգութեան երաշխիքներու խնդիրը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ապահովման համատեսքին մէջ՝ 1991 թուականի հռչակագրին համապատասխան, որ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու ղեկավարները Ալմա Աթայի մէջ ստորագրած են։ Ասոր արդիւնաւէտութիւնը այսօր հաստատուած է թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ։ Այս մէկուն համապատասխան կը կառուցուի խաղաղութեան պայմանագրի վրայ աշխատանքը։ Հայկական կողմը ըմբռնում ունի Լեռնային Ղարաբաղի հայերը Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ շուտափոյթ հանդիպումներու մէջ համոզելու անհրաժեշտութեան մասին՝ համապատասխան օրէնսդրութենէն եւ միջազգային պարտաւորութիւններէն բխած իրաւունքներու համաձայնեցման համար՝ ներառեալ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ապահովման մասին բազմաթիւ պայմանագրերը։ Ատրպէյճան փոխադարձ հիմունքներով պատրաստ է նոյնպիսի երաշխիքներ տրամադրել նաեւ իր տարածքին մէջ բնակող անձերու համար։ Հայերը պատրաստ են նոյնը ընել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բնակող քաղաքացիներու նկատմամբ բոլոր պայմանագրերը կիրառելու առումով։ Հարցերը դիւրին չեն։ Կը յուսամ, թէ այսօրուան բանակցութիւնները կը նպաստեն դրական լիցք հաղորդել բանակցային գործընթացին այս եւ այլ ուղղութիւններով։ Այս փուլին առաւել մօտ արդիւնք կը դիտարկուի փոխ-վարչապետներու գլխաւորած եռակողմանի աշխատանքային խումբին մէջ պայմանաւորուածութեան ձեռքբերումը։ Անոնք կը զբաղին տարածաշրջանէն ներս փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման յստակ հարցերու համաձայնեցմամբ։ Այս համատեսքին մէջ հեռանկարներ կը բացուին նաեւ փոխադրութեան ոլորտէ ներս հեռանկարային նախագծերու իրականացման համար։ Անոնք արդէն ունին ո՛չ միայն տարածաշրջանային, այլեւ աւելի լայն բնոյթ։ Պայմանաւորուեցանք փորձել վերսկսիլ երկխօսութիւնը երկրորդ ուղիի շուրջ՝ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու, փորձագէտ-քաղաքագէտներու միջեւ։ Նաեւ յոյս ունինք սկսիլ եռակողմանի երկխօսութիւն խորհրդարանականներու գծով։ Կ՚ակնկալենք, որ բանակցութիւններու գործընթացը կը շարունակուի։ Կը հասկնանք թէ՛ հայկական եւ թէ ատրպէյճանական կողմի հետաքրքրութիւնը՝ միջնորդներ օգտագործելու ո՛չ միայն ի դէմս Ռուսաստանի Դաշնակցութեան, այլեւ միւսներու։ Կ՚ողջունենք ցանկութիւնը անոնց, որոնք անկեղծօրէն շահագրգռուած են օգնելու Պաքուին եւ Երեւանին, գտնելու պայմանաւորուածութիւններ։ Անոնք, ինչպէս եւ մենք, կ՚աշխատինք այդ ուղղութեամբ, բայց պէտք չէ ըլլան այս կամ այն պայմանաւորուածութիւնները արհեստականօրէն պարտադրելու փորձեր ո՛չ թէ հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու շահերէն ելնելով, այլեւ յանուն լրատուամիջոցներու գեղեցիկ վերնագրերու, յանուն աշխարհաքաղաքական եւ ներքին քաղաքական նկատառումներու։ Պիտի շարունակենք եռանդուն աշխատանքը ապագայ հանդիպումներու նախապատրաստման ուղղութեամբ՝ ներառեալ այս տարի Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հերթական գագաթաժողովը կազմակերպելու ծրագիրը»։

Միւս կողմէ, Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ շեշտուեցաւ, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է մարդասիրական համաձայնութեան մը հասնին։ Այս յայտարարութիւնը Կարմիր խաչի կողմէ կ՚ընկալուի Արցախի պաշարումով պայմանաւորուած ծանր մարդասիրական իրավիճակի համայնապատկերին վրայ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2023