ՊԱՏԵՐԱԶՄԵԼՈՒ ՄԱՐՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի վարչապետը Ազգային ժողովին մէջ (…) վկայեց 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի Քննիչ յանձնաժողովին առջեւ ու հարցաքննուեցաւ անոր կողմէ։ Պատերազմին մասնակից բոլոր կարեւոր դերակատարները անցան կամ պիտի անցնին այս քննութենէն։ Վարչապետը ուզած էր, որ իր խօսքին պետական գաղտնիք չպարունակող բաժինը ըլլայ հանրութեան բաց։
Կարեւոր վկայութիւն մը, ուր պատերազմի ընթացքին մասին տրուած մանրամասնութիւնները, պատերազմին զուգահեռ ընթացող բանակցութիւններու մասին տեղեկութիւնները աւելի յստակ պատկերացում մը կու տան պատերազմին բազմածալ ու մութ մնացած երեւոյթներուն մասին, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական մակարդակին՝ մեծ տէրութիւններու դերակատարութեան, այլ խօսքով՝ անոնց, որոնք այսօր եւս կը մրցակցին Հարաւային Կովկասի մէջ իրենց ազդեցութիւնը ամրապնդելու համար, Հայաստանն ու Արցախը կը գործածեն իրարու դէմ լուռ պատերազմ մղելու։
Ինչ կը վերաբերի պատերազմի քննութեան, ապա հանրութիւնը եւս ծարաւն ունի իմանալու ճշմարտութիւնը։ Պարտութիւնը ցաւալի էր ու ծանր, բնական ցանկութիւն է գիտնալը, թէ ինչո՞ւ այսպէս պատահեցաւ։ Դաւաճաններ կը փնտռուին, ամբաստանութիւններ կ՚ըլլան. առանց դատավարութեան վճիռներ արձակուած են։ Մինչեւ ե՞րբ կարելի է նման կեցուածքներով պետութիւն կառուցել։ Ե՞րբ օրէնքը պիտի գերակայէ այսինչին կամ այս կամ այն կուսակցութեան կամակատարութեան՝ ըլլայ ան ՔՊ-ական, քոնկրէսական, հանրապետական կամ դաշնակցական։ Վերջապէս, ո՞վ է մեղաւորը կամ որո՞նք են մեղաւորները։
Եւ արդեօք պէ՞տք է մեղաւորներ փնտռել, երբ անկախութենէն ի վեր, երեք տասնամեակի երկայնքին քաղաքական բոլոր ուժերը իրենց բաժինը ունեցած են Հայաստանի պետութեան կառուցման խեղճուկրակութեան մէջ։ Բոլորն ալ իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են անոր թերացումներուն մէջ։ Մէկ խօսքով, բոլորն ալ իրենց մեղքի բաժինը ունին այսօր ստեղծուած իրավիճակին համար։
Եւ հարց է, թէ որքանո՞վ կարելի է ամբողջ ճշմարտութիւնը բացայայտել, այնքան ատեն, որ բազմակողմանի քննարկում տեղի չ՚ունենար։ Եւ այնքա՜ն տարողունակ է նիւթը, այնքա՜ն դէպքերու իրերամերժ մեկնաբանութիւններու արժանացած։
Վարչապետին քայլը անհրաժեշտութենէ բխած նախաձեռնութիւն է, քանի որ անընդհատ «դաւաճան»ի մեղադրականը երեսին կը շպրտուի խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէ։ Բաց ու հանրային ունկնդրութիւնը միջոց է արդարանալու, պաշտպանուելու։ Յանդուգն քայլ է բաղդատած բարձրաստիճան միւս բոլոր դերակատարներուն, որոնք չեն համարձակած այդ քայլին դիմել, գէթ հանրութիւնը իրազեկ պահելու համար։
Սակայն, ներքին քաղաքական բոլոր խոհանոցը մէկդի դրած, կարեւոր է պետութեան կառուցման ազգային ռազմավարութեան հարցին շուրջ ընել քանի մը եզրայանգում։ Առաջին, վարչապետին խօսքերուն եւ այլ քաղաքական մարդոց խօսոյթին մէջ հասարակաց յատկանիշ մըն է ռազմական գործողութիւններու դիմելու բացակայութիւնը՝ իբրեւ թշնամիին վրայ ճնշելու միջոց։ Հայաստանի բոլոր կառավարութիւնները 1994-ի յաղթանակէն ետք, ռազմական միջոցը չեն գործածած Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի ան խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրէ՝ այնպէս, ինչպէս այսօր 2020-ի իր յաղթանակէն ի վեր այդ երկիրը կը գործածէ ռազմական միջոցը՝ Հայաստանը ստիպելու, որպէսզի ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիր մը իրեն նպաստաւոր պայմաններով։
Երկրորդ, հակառակ 1994-ի պարտութեան, Ատրպէյճան միշտ ալ դիմած է սահմանային ռազմական գործողութիւններու իր հողային նկրտումները ցաւոտ կերպով յիշեցնելու համար։ Իսկ հայկական կողմը իր անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան համար միշտ ապաւինած է մեծ տէրութիւններուն։ Նոյնիսկ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի խաղաղութեան ծրագիրը, որ կը նախատեսէր 5 շրջան յանձնելով՝ միջազգային ապահովութիւն ստանալ եւ Արցախի համար ձեռք ձգել կարգավիճակ, կ՚ապաւինէր միջազգային ուժերու։ Իսկ այսօր կը տեսնենք, թէ ի՛նչ արժէք ունին միջազգային այդ երաշխիքները, երբ Արեւմուտքի կամ այլ գերտէրութեան ռազմավարական շահերուն չեն համապատասխաներ անոնք։
Վերջապէս, անդադար կը խօսուի հայկական դիւանագիտութեան թերացումներուն մասին, սակայն իշխանութեան գլուխ եկած քաղաքական ո՛չ մէկ ուժ իր երկրի տնտեսութիւնն ու բանակի հզօրութիւնը դիտարկած է իբրեւ դիւանագիտութեան գլխաւոր յենարան։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի