ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԹՈՅԼ ՉԻ ՏԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐՑԱԽ ՀԱՍՆԵԼՈՒՆ

Ատրպէյճան կը շարունակէ պաշարման տակ պահել Արցախը, ուր մարդասիրական տագնապը կը խորանայ։ Առկայ ողբերգական իրավիճակին մէջ Հայաստանէն դէպի Արցախ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնն ալ տեղ հասցնել հնարաւոր չ՚ըլլար։ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Արցախ ուղարկուած՝ 19 բեռնատարները կը շարունակեն կանգնած մնալ Կոռնիձորի մէջ, ուր կը սպասեն Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի արձագանգին, որպէսզի կարողանան մուտք գործել Արցախ։ Ի դէպ, պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Երեւանի ղեկավարութիւնը մարդասիրական օժանդակութեան ճանապարհ դուրս գալէն առաջ զգուշացուցած է նաեւ Մոսկուան։

Երէկ, կառավարութեան ժողովէն առաջ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ անդրադարձաւ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական աղէտին։ «Մարդասիրական բեռնի մուտքը թոյլ չտալը ընդամէնը կը հաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելու Պաքուի մտադրութիւնը», ըսաւ Փաշինեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւնը Արցախ հասցնելու հարցով՝ միջազգայնօրէն ընդունուած համապատասխան դիւանագիտական օղակներով նաեւ Ատրպէյճանին դիմած է։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Երեւան Լաչինի միջանցքէն բացի այլ ճանապարհներով Արցախ բեռներ տեղափոխելու հարցը քննարկելու իրաւասութիւն չունի։ Միեւնոյն ժամանակ, ան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումը չէ փոխուած։

Այսօր, Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտները կ՚այցելեն Կոռնիձոր, ուր մարդասիրական օժանդակութիւնը տեղափոխող բեռնատարները կանգնած են։ Անոնք տեղւոյն վրայ ականատես կ՚ըլլան ստեղծուած իրավիճակին։ Մինչ այդ, երէկ Ֆրանսան ալ Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց, որպէսզի վերականգնէ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը։ Իր կարգին, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանական քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ երէկ նշեց, որ Աղտամը Լաչինի միջանցքը վերաբանալու այլընտրանքը չէ։ Այս յայտարարութիւնը մասնաւորապէս կը մեկնաբանուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երէկ կատարուած յայտարարութեան համայնապատկերին վրայ։ Արդարեւ, Պաքուի երէկ տեղեկացուց, որ եթէ Երեւան շահագրգռուած է խաղաղութեամբ ու կայունութեամբ, ապա պէտք է աջակցի Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհի օգտագործմամբ։ Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունն ալ երէկ յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ շեշտելով, որ մարդասիրական օժանդակութեան կանգնեցումը կը խաթարէ խաղաղութեան գործընթացէն ներս վստահութեան ձեւաւորման ուղղեալ ջանքերը։ Լաչինի միջանցքի եւ Արցախի առկայ մարդասիրական աղէտի վերաբերեալ խնդիրները արծարծուեցան նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին։

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ յայտնեց, որ մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարներու շարասիւնը կը սպասէ Լաչինի միջանցքով Լեռնային Ղարաբաղ մուտք գործել։ «Ատրպէյճան չ՚իրականացներ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռը՝ ապահովելու համար անարգել մուտքը», ըսաւ փոխ-նախարարը։

Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան վերաբերեալ ռուսական կողմի տեսլականը հաւասարակշռուած չէ։

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2023