ԱՆՄԻՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ԽԵԼՕՔՆԵՐՈՒ ՎԱՐԴԱՍՏԱՆԸ
Երկագունդը մեծ խառնարան մըն է։ Անսահմանափակ զանազանութիւններու բեմահարթակն է երկիր մոլորակը։ Օդին ու ջուրին մէջ, նաեւ ցամաքի վրայ՝ ամէն իմաստով տեսակաւորութիւն կը տիրէ ամէնուրեք։ Աշխարհի վրայ տարբերութիւններու հիմնական կրողներէն մին է նաեւ մարդը, որ բնութեան արարչագործութեան վառ դրսեւորումն է, գագաթը, միանշանակ։
Մարդը կ՚առանձնանայ իր հոգեկան, մարմնական ու մտային կարողութիւններով, ընդունակութիւններով, ձիրքերով ու յատկութիւններով՝ անոնցմէ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն բխած բոլոր հանգամանքներով հանդերձ։ Միայն մարդն է, որ բնազդներու սահմանը յաղթահարելով յաջողած է կերտել արժէքներ։ Եւ ինչպէս ինքը՝ իր կողմէ ստեղծուած արժէքներն ալ չափազանց տեսակաւոր են։ Բնութեան մէջ միայն մարդն է, որ նաեւ յարաբերութիւններու անսահման տեսակաւորութիւն ունի։ Պատմութեան հոլովոյթին մէջ եղած են շրջաններ, երբ մարդիկ մօտեցած են իրարու հետ արժէքներու լեզուով խօսելու եզրագծին։ Եղած են նաեւ շրջաններ, երբ բաւական հեռացած են այդ հասարակաց յայտարարներէն։
«Մեր աշխարհը չի բաժնուիր՝ ըստ ցեղի, գոյնի, սեռի կամ կրօնի։ Մեր աշխարհը կը բաժնուի՝ խելօք ու անմիտ մարդոց։ Եւ անմիտները ինքզինքնին կը բաժնեն՝ ըստ ցեղի, գոյնի, սեռի կամ կրօնի», կ՚ըսէ Մոհամատ Սաֆա։
Տեսակաւորութիւն ըսուածին մէջ, ի՜նչ խօսք, ամէն տեսակն ալ կայ։ Մնաց որ, ե՞րբ վարդաստան եղած է այս աշխարհը։