ՊԼԻՆՔԸՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս առթիւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը Ատրպէյճանի նախագահի նկատառման յանձնեց Լաչինի միջանցքով ազատ տարանցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը։ Ըստ Ուաշինկթընէն հրապարակուած հաղորդագրութեան, քննարկուեցան նաեւ մարդասիրական մատակարարումներու այլընտրանքային ուղիները։

Պլինքըն զրոյցի ընթացքին խոր մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի առկայ մարդասիրական իրավիճակին շուրջ։ Ան շեշտած է Լաչինի միջանցքով առեւտրային, մարդասիրական ու մասնաւոր ինքնաշարժներու ազատ տարանցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը։ Պլինքըն ընդգծած է անհրաժեշտութիւնը այլընտրանքային ուղիներու հարցին մէջ, որպէսզի մարդասիրական մատակարարումները հասնին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան։

Պետական քարտուղարը շեշտած է նաեւ, որ բոլոր կողմերը պէտք է պահեն խաղաղ բանակցութիւններու ուղղութեամբ դրական յառաջընթացը։ Ան զրոյցին կապակցութեամբ գրառում մըն ալ կատարած է ընկերային ցանցերուն վրայ։

Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր կ՚այցելէ Թուրքիա, ուր կը հիւրընկալուի արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2023