«ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ ԲԱՐԴ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»
Արցախի յարատեւ պաշարումը հետզհետէ կը խորացնէ մարդասիրական տագնապը։ Մինչ այդ, Կարմիր խաչի կողմէ բուժման համար Հայաստան փոխադրուելու ճանապարհին առեւանգուած 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանէն որեւէ լուր չկայ։ Իսկ երէկ Արցախի այլ բնակիչ մը 65-ամեայ Ռաշիտ Բեգլարեան Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ ձերբակալուեցաւ՝ ոգելից ըմպելիի ազդեցութեան տակ ճամբան շուարած ըլլալով։ Ընդհանուր անհանգստութիւնն ալ, առկայ մտահոգութիւններուն զուգահեռ՝ հետզհետէ կը գերեվարէ Լեռնային Ղարաբաղի կեանքը։ Կը հաղորդուի, որ այս լուսադէմին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հնչած են հրացանի կրակոցներ։
Ողբերգական առկայ իրավիճակին մէջ, միջազգային ուշադրութիւնն ալ հետզհետէ կը կեդրոնանայ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ։ Մասնաւորապէս Ուաշինկթըն վերջին օրերուն զանազան պաշտօնատարներու բերնով կ՚արտայայտէ իր վերաբերմունքը։ Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ Լուիս Պոնօ այս օրերուն կը ձեռնարկէ տարածաշրջանային այցելութեան մը։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր վերջին երկու օրերուն իրերայաջորդ յայտարարեց, որ Երեւան եւ Պաքու բարդ զիջումներ պէտք է ընեն խաղաղութեան հասնելու համար։ Ան համոզուած է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ունին խաղաղութեան պայմանագրի հասնելու կարելիութիւնը։ Ամերիկեան կողմը կ՚ընդգծէ, որ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Իր կարգին, ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուրն ալ ուշադրութիւն հրաւիրեց Արցախէ ներս պարէնի եւ դեղօրայքի պակասի հասած համեմատութիւններուն վրայ։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդն ալ կոչ մը հրապարակեց, որպէսզի Արցախի շրջափակումը դադրեցուի։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Մարիաննա Էկէրի հետ՝ շօշափելով մարդասիրական ծանր բնոյթով հարցերը։
Միւս կողմէ, «Euronews» հեռուստակայանը հարցազրոյցներ սփռեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Ալիեւ այս առթիւ յայտնած է, որ եթէ հայկական կողմէն տեսնեն շինիչ մօտեցում, ապա շատ շուտով կրնան խաղաղ լուծում գտնել, գուցէ նոյնիսկ մինչեւ տարեվերջ։ «Առանց ռուս խաղաղապահներուն աւելի դիւրին պիտի ըլլար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու հետ շփուիլը», նշած է ան։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հանրութիւնները պէտք է խաղաղութիւն պահանջեն իրենց իշխանութիւններէն։