ԱՊԱԳԱՅԻ ԲԱՆԱԼԻՆԵՐԸ

Երեւանի մէջ կ՚ընթանայ Ազգային երիտասարդական համաժողովը։ Հայ իրականութեան տեսակէտէ ճակատագրական ժամանակաշրջանի մը կը զուգադիպի համահայկական այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը, որու ծիրէն ներս ծաւալուած քննարկումներուն ընթացքին բոլորը յոյս ունին տեսնել ապագայի բանալիները։ Համաժողովի ծրագիրը կ՚իրագործուի Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ Աշխատանքային բաժնին առընթեր, նախատեսուած են նաեւ ընկերա-մշակութային զանազան փուլեր։ Այս ճոխ ու խորքային նախագիծը համախմբած է աշխարհի աւելի քան 50 երկիրէ 18-35 տարեկան շուրջ 600 հայ երիտասարդ։ Ծրագրին վրայ նախատեսուած է աւելի քան 15 երկիրէ հարիւր հայ երիտասարդ բանախօսի ելոյթը։ Զեկուցումները կը կատարուին՝ ըստ ծրագրի օրակարգի համապատասխան նիստերուն, որոնց ժամանակ հարցում-պատասխանի մթնոլորտ ալ կը ստեղծուի։ Համաժողովը կազմակերպուած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համաժողովի բացման փուլին ելոյթ մը ունեցաւ սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի ներգրաւուին Հայաստանի կեանքին։ Բացի յանձնակատարէն, բացման լիագումար նիստին ժամանակ արտայայտուեցաւ ատղաֆիզիքոս ու «Սթարմուս» փառատօնի համահիմնադիր Գարիկ Իսրայէլեան, որ հրաւիրուած էր՝ իբրեւ պատուոյ հիւր։ «Մենք միշտ ըսած ենք, որ երիտասարդութիւնը մեր ապագան է, բայց այդպէս չէ։ Այսօրուան երիտասարդութիւնը մեր ներկան է, որովհետեւ ժամանակները շատ փոխուած են։ Այսօր թեքնոլոժիներու զարգացման, տեղեկատուութեան հասանելիութեան ու այլ շատ մը գործօններու հաշուոյն՝ 15-16 տարեկան երիտասարդները ընդունակ են շատ աւելին ընելու՝ քան քսան տարի առաջ։ Եւ այս բանը հաշուի առնելով՝ շատ կարեւոր է, որ այսօր բոլոր հարթակներու վրայ լսուին եւ որոշումներու կայացման մասնակից դարձուին երիտասարդները», ըսաւ ան։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Երեւանի այս համաժողովին կը մասնակցի նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երիտասարդ սիւնակագիրներէն Պիանքա Սարըասլան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023