ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՄԱՏԱՐԱԾ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ
Պաշարեալ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապի հետեւանքներու նկարագրումը հետզհետէ կը դառնայ անկարելի։ Ստեփանակերտէն հասած լուրերը խորապէս մտահոգիչ են։ Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան երէկ տեղեկացուց. «Առկայ են իրավիճակներ, որոնց յաղթահարման համար այլեւս կը բացակային անհրաժեշտ միջոցներն ու հնարաւորութիւնները»։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին կոչ ուղղեց, ուրպէսզի զերծ մնայ այնպիսի քայլերէ, որոնք կայուն ու տեւական խաղաղութեան հասնելու հաւանականութիւնը կը նուազեցնէ։ Կառավարութեան հերթական ժողովի սկիզբին ան ըսաւ. «Պաքու կը փափաքի Երեւանի հետ կնքել խաղաղութեան այնպիսի պայմանագիր մը, որ ապագային հնարաւորութիւն պիտի տայ վիճարկելու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը, իսկ յետոյ տարածային պահանջքներ ներկայացնելու»։ Անդրադառնալով «Euronews»ի կողմէ թէ՛ իր եւ թէ Ալիեւի հետ վերջերս կատարուած հարցազրոյցներուն՝ վարչապետը ըսաւ. «Իլհամ Ալիեւ «Euronews»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ, թէ Լաչինի միջանցքը արգելափակուած չէ։ Այդ պարագային ռուս խաղաղապահները ինչո՞ւ չեն ապահովեր մարդասիրական օգնութեան մուտքը, եթէ Ատրպէյճան կը պնդէ, որ միջանցքը չէ արգելափակած»։
Պաքուի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ Լուիս Պոնոն, որ տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած էր։ Ան ընդունուեցաւ Ալիեւի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։
Մինչ այդ, Էնթընի Պլինքընի գլխաւորութեամբ, երէկ Նիւ Եորքի մէջ կարեւոր հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Արցախի առկայ իրավիճակին շուրջ։ Այսպէս, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահէ Գէորգեան մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի՝ «Միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանութիւնը» օրակարգի կէտին ներքեւ ԱՄՆ-ի կողմէ կազմակերպուած «Սովի եւ հակամարտութեան հետեւանքով կլոպալ պարէնային անապահովութեան» նիւթով բաց քննարկման, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Զեկուցում մըն ալ ներկայացուց ՄԱԿ-ի Սովի կանխարգիման եւ արձագանգման համակարգող Լինա Կերանի։ Փոխ-նախարար Գէորգեան ՄԱԿ-ի այս հաւաքոյթին ընթացքին ըսաւ. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կանգնած է գոյութեան վտանգի առջեւ»։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պատրաստ չեն որեւէ պայմանով խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու, տակաւին կան կարգ մը բարդ հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին։ ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ նախարարութեան պաշտօնատարներէն Տենիս Կոնչար ըսաւ. «Պաքուէն եւ Երեւանէն եկած ազդանշանները շուտափոյթ խաղաղութեան հասնելու յանձնառութեան մասին չեն վկայեր»։ Իր խօսքով, լուծման կարօտ գլխաւոր հարցն է՝ Ատրպէյճանի իրաւական դաշտի շրջանակին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումն ու համընդհանուր ճանաչումով իրաւունքներուն պահպանումը։ Դիւանագէտը աւելցուց, որ Մոսկուա կողմերուն աշխուժօրէն կ՚օգնէ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման ուղղութեամբ։
«Կողմերը որոշած են համապատասխան տրամաբանութիւնը՝ 1991-ի Ալմա-Աթայի հռչակագիրի գործելիութեան փոխադարձ հաստատումէն յետոյ։ Կը պահանջուի նաեւ համաձայնագրի իրականացման միջազգային աջակցութեան դրութիւն մը, որ կասկածի տակ չի դներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնն ու քաղաքական անկախութիւնը», նշեց Կոնչար։