ԱՐՑԱԽԻ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին անդրադարձը կը յատկանշուի քանի մը կէտով: Նախ կը փորձէ հեռացնել կատարուածին մէջ Մոսկուայի պատասխանատուութիւնը եւ կը կեդրոնանայ դէպի Արցախ ուղարկուած մարդասիրական բեռնատար մեքենաներու տեղ չհասնելու իրականութեան վրայ: Ըստ Մոսկուայի ներկայացուցիչին՝ հակառակ անոր, որ Երեւանը Պաքուի հետ չէ համաձայնեցուցած մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելը, այդուհանդերձ ռուս խաղաղապահները աշխուժօրէն երկու կողմին հետ կը շարունակեն բանակցիլ՝ հարցին լուծում ապահովելու համար: Զախարովան նոյնիսկ հաստատած է, որ կապերը հաստատուած են եւ յոյս յայտնած, որ միջնորդական աշխատանքը կ՚արդիւնաւորուի:

Քանի մը հետեւողութիւն կարելի է կատարել այս յայտարարութենէն: Նախ՝ Մոսկուան ըսել կ՚ուզէ, որ Երեւանի այս նախաձեռնութիւնը կատարուած է ինքնուրոյն՝ առանց ռուսական խաղաղապահ ուժերուն հետ համաձայնեցնելու: Երբ կ՚ըսուի, որ Երեւան մարդասիրական օժանդակութեան ուղարկումը չէ համակարգած Պաքուի հետ, ըսել կ՚ուզուի, որ այդ նախաձեռնութիւնը պէտք է միջնորդաւորուած ձեւով, այսինքն՝ Մոսկուայի միջոցով ստանար Պաքուի համաձայնութիւնը:

Միջնորդի հանգամանքի պահպանման մօտեցումով հաւասարութեան կանոնն է, որ կը գործէ: Մոսկուան պարզապէս կրնար յիշեցնել, անշուշտ, որ ըստ եռակողմանի համաձայնութեան՝ պէտք է բաց ըլլար այդ անցքը, ուր նաեւ բացառապէս Ատրպէյճանի վերահսկողութիւն պիտի չըլլար եւ իր կողմէ ապահովուէր մարդոց ազատ տեղաշարժը: Այդ խախտումները կը շրջանցուին եւ ընդգծում կ՚ըլլայ, որ Երեւան նախաձեռնութիւնը չէ համաձայնեցուցած Պաքուի հետ, անշուշտ, Մոսկուայի միջոցով: Անուղղակիօրէն արդէն կը նուիրականանայ Ատրպէյճանի անցակէտը:

Կարեւոր ընդգծումը այն է, որ բանակցութիւններ կը վարուին ռուս խաղաղապահներու միջոցով եւ մանաւանդ՝ հաստատուած կապերը յուսալիօրէն պիտի արդիւնաւորուին: Մոսկուան ըսել կ՚ուզէ, որ հակառակ կոչերուն, պահանջներուն կամ այլ պետութիւններու յորդորներուն, գետնի վրայ ի՛նք է, որ բանակցութիւններ կը վարէ եւ հարցին յուսալիօրէն լուծում կը բերէ: Խաղի կանոնը կը փոխուի, եթէ Մոսկուայի ներկայացուցիչին յայտնած յոյսը՝ հարցի կարգաւորման առումով չիրականանայ։

Հիմա անցնինք Ուաշինկթըն. այնտեղ կայ ուղերձ մը, որ պաշարումի վերացումէն անդին կ՚երթայ: Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Պլինքընի եւ Ալիեւի միջեւ կայացած հեռախօսազրոյցի մասին պաշտօնական լրահոսը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն խորապէս մտահոգուած է Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի տարողութեամբ՝ առանց հասցէականացնելու այդ տագնապի ստեղծման պատասխանատուն: Ճիշդ է, որ շեշտուած է Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժի եւ տարանցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը, այնուհետեւ, սակայն, ընդգծուած է փոխզիջման անհրաժեշտութիւնը այլընտրանքային ուղիներու հարցին մէջ, որպէսզի մարդասիրական մատակարարումները հասնին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան: Ահա՛, այստեղ է եռակողմանիէն դուրս գալու եւ Պաքուի յառաջ քշած օրակարգը: Մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու այլընտրանքային ուղին Աղտամի ճանապարհն է, որ ամբողջովին Ատրպէյճանի ի նպաստ օրակարգ է եւ կ՚առաջադրուի Պաքուի առաջ քշած համարկումի քաղաքականութեան պարունակին մէջ: Պրիւքսելի մէջ Շարլ Միշելի կատարած նշումը Ուաշինկթընի կողմէ ուղղակի՝ իբրեւ այլընտրանքային լուծում կ՚առաջարկուի:

Լուսարձակը բանանք Պրիւքսելի վրայ։ Միշել-Պորել երեւցած հակասութենէն ետք (Պորելը հաստատած էր, որ Աղտամը չի կրնար այլընտրանք նկատուիլ Բերձորին), այժմ վերադիրքորոշում կ՚արձանագրուի Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահին ճամբով: Բացառապէս Բերձորի միջանցքի վերաբացման հրատապ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդգծուի եւ յղում կը կատարուի՝ եօթ ամիս առաջ Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին կողմէ Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ միջանկեալ որոշումին:

Աշխարհաքաղաքական երեք տարբեր կեդրոններէ Արցախի պաշարումը վերացնելու ուղղութեամբ տարբեր մօտեցումներ կը դրսեւորուին: Անոնք, որոնք կը հետեւին դիպաշարին, աւելիով կը համոզուին, թէ խնդիրը միջնորդական հակամարտութեամբ կը յատկանշուի կա՛մ տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող գործընթացներուն ղեկը պահպանելու եւ կամ խլելու շարժառիթներով կը բացատրուի:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2023