ԵՄ ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԱՔՍԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն առանցքին վրայ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր աշխուժութիւն չի նկատուիր։ Այս իրավիճակին մէջ Անգարա յամառօրէն Պրիւքսելէն կը պահանջէ՝ վերատեսութեան ենթարկել եւ այժմէականացնել Մաքսային միութեան համաձայնութիւնը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, այս շրջանին արդէն ԵՄ-ի կողմէ դրական ազդանշաններ կը հասնին Մաքսային միութեան այժմէականացման ուղղութեամբ։ Երկար ժամանակէ ի վեր Անգարա յամառօրէն կ՚ակնկալէր, որ այս հարցին շուրջ Պրիւքսել քայլ մը առնէ անյապաղ։
Մօտաւոր անցեալին ելմտական ու պետական գանձի նախարար Մեհմէտ Շիմշէք եւ Եւրոյանձնաժողովի տնտեսութեան յանձնակատար Փաոլօ Ճենթիլոնի ունեցած էին երկու հանդիպում. ի շարունակութիւն այժմ կը նկատուին դրական միտումներ։ Եւրոյանձնաժողովը կրնայ յառաջիկայ աշնան այս հարցին քննարկման ձեռնարկել։ «Ամրան աւարտին մեր խումբերուն հետ ամէն ինչ պիտի ուսումնասիրենք ու պիտի տեսնենք, թէ Թուրքիայէն հասած ազդանշաններու հիման վրայ կարելի՞ է բան մը կառուցել կամ ոչ», ըսաւ եւրոպացի յանձնակատարը։
Ըստ տեղական մամուլին, թէեւ Մաքսային միութեան այժմէականացումը կախում ունի բազմաթիւ չափումներով գործընթացէ մը, սակայն, Եւրոյաձնաժողովի կողմէ այս հարցին օրակարգ ներառուիլը կարեւոր ազդանշան մը կը համարուի։