ՃԻՏՏԷԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ՝ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Սէուտական Արաբիոյ հիւրընկալմամբ շաբաթավերջին Ճիտտէի մէջ տեղի ունեցաւ «Ուքրայնայի խաղաղութեան խորհրդաժողովը»։ Աշխարհի աւելի քան չորս տասնեակ երկիրներէն՝ ազգային անվտանգութեան գծով բարձրաստիճան պաշտօնատարներ համախմբուեցան Ճիտտէի մէջ, ուր չէ հրաւիրուած Ռուսաստան։

Խորհրդաժողովի մասնակիցները վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը ի նպաստ Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութեան։ Ըստ միջազգային աղբիւրներուն, ժողովականները ընդհանուր առմամբ համամիտ գտնուած են Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի կողմէ միջազգային ընտանքին ներկայացուած լուծման ծրագրին։

Հաւանական է, որ մինչեւ տարեվերջ միջազգային ղեկավարներու գագաթաժողովի մը կազմակերպման ուղղութեամբ որոշում մը ընդունուի։ Քիեւի ղեկավարութիւնը կ՚առաջարկէ, որ այդ գագաթաժողովը տեղի ունենայ Զուիցերիոյ մէջ։

Ճիտտէի համաժողովին ընթացքին Թուրքիան ներկայացուց Հանրապետութեան նախագահի աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2023