ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրակազմէն Պիանքա Սարըասլան, որ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան, երէկ վերադարձաւ Թուրքիա։ Շուրջ մէկ շաբթուան կեցութենէ մը վերջ «FlyOne Armenia»ի Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով ան երէկ առաւօտ հասաւ քաղաքս։
Ուղեւորութեան օրերուն Պիանքա Սարըասլան մասնակցեցաւ՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ազգային երիտասարդական համաժողովին։ Կիւմրիի մէջ ան ներկայ գտնուեցաւ Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որու ընթացքին տողանցեց թրքահայ մարզական պատուիրակութեան անդամներուն հետ։ Մեր սիւնակագիրը շնչեց նաեւ Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան» պետական երգիծական թատրոնի սրահին մէջ կազմակերպուած՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի ելոյթին մթնոլորտը։ Աշխատանքային փուլերէն դուրս, ազատ ժամերուն ան հնարաւորինս ծանօթացաւ Հայաստանի պատմամշակութային նշանակութեամբ վայրերուն՝ մանաւանդ ուխտի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Կեցութեան օրերուն Պիանքա Սարըասլան մէկտեղուեցաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այն աշխատակիցներուն հետ, որոնք կը գտնուին Երեւան։
Վաղուընէ սկսեալ Պիանքա Սարըասլան մեր ընթերցողներուն հետ պիտի բաժնէ տպաւորութիւններ՝ թէ՛ իր ուղեւորութեան եւ թէ հետեւած ձեռնարկներուն կապակցութեամբ։