ՑԱՆՑԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի կառավարութեան առընթեր սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան երէկ Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով ամփոփեց՝ վերջերս կազմակերպուած Ազգային երիտասարդական համաժողովը։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը դարձած է օղակ մը, որ սփիւռքի երիտասարդները Հայաստանի հետ կը կապէ։ Յանձնակատարին խօսքով՝ համաժողովի արդիւնքին ձեւաւորուեցաւ շատ բազմազան օրակարգ մը, որ կ՚ընդգրկէ զանազան հարցեր՝ սկսեալ կրթութենէ, մշակոյթէ եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու զարգացումէն, մինչեւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ասուլիսի ընթացքին Զարեհ Սինանեան ըսաւ. «Մեր նպատակներէն էր, ինչ որ յուսամ, իրագործուեցաւ, որ կարողանայինք աւելի իրատես պատկերացում մը ստեղծել Հայաստանի այսօրուան խնդիրներուն եւ իրավիճակին մասին ու սփիւռքի մեր երիտասարդներուն ներկայացնել Հայաստանի ներկայ հնարաւորութիւնները։ Միասին քննարկեցին հայրենադարձութեան հարցերն ու կարելիութիւնները, ապագայ համագործակցութիւններու նոր ճանապարհները, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը սփիւռքի զանազան համայնքներու երիտասարդներուն միջեւ։ Ամէն ջանք գործադրեցինք, որպէսզի երիտասարդները կարողանան ձեւաւորել աւելի ցանցային համագործակցութիւն թէ՛ մեզի հետ եւ թէ իրարու միջեւ»։ Սինանեան աւելցուց, որ համաժողովի ընթացքին սփիւռքի երիտասարդները առաւել չափով հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են Հայաստանի անվտանգային խնդիրներուն նկատմամբ։ Այս կապակցութեամբ ծաւալուած են քննարկումներ։ «Կ՚ակնկալենք, որ ապագային այս ուղղութեամբ գործօն քայլեր կը տեսնենք», ըսաւ Սինանեան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 9, 2023