ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ԲՆՈՒԹԱԳՐՈՒՄ
«The Washington Post» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթը վերջին օրերուն հրապարակած խմբագրականներէն մէկուն մէջ «աւազակապետութիւն» որակեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմը։ Ատրպէյճանի ներքին քաղաքական իրավիճակը խոշորացոյցի տակ առնուած էր այդ խմբագրականին մէջ, ուր մատնանշուած էին ընդդիմադիր գործիչներու ձերբակալութիւնները։ Խմբագրականին մէջ նշուած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ ներքին ճնշում բանեցնելու ջանքեր կը գործադրուին։ Այս ամբողջին մէջ յայտնի դարձած է, որ երկրի մտաւորականութեան աւելի քան 150 ներկայացուցիչներ բաց նամակով մը կոչ ուղղած են, որպէսզի իշխանութիւնները ազատ արձակեն ձերբակալեալ ընդդիմադիրները։
Թերթը նշած է, որ ԱՄՆ Իլհամ Ալիեւի վրայ ճնշում կը բանեցնէ՝ պահանջելով թուլացնել մարդասիրական տագնապի պատճառ դարձած Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը։ Խմբագրականին մէջ դիտել կը տրուի, որ Պաքուի հետ այս տագնապին վերաբերեալ որեւէ շփման ժամանակ Ուաշինկթըն պէտք է արծարծէ նաեւ Ատրպէյճանի այդ ներքին քաղաքական խնդիրները։ Խմբագրականին մէջ տեղ գտած են նաեւ հետեւեալ արտայայտութիւնները. «2012-2014 թուականներուն իշխանական վերնախաւի անդամները (արտասահմանի մէջ ձեւաւորուած) գաղտնի ֆոնտերը կ՚օգտագործէին եւրոպացի քաղաքական գործիչներ կաշառելու, շքեղ ապարանքներ գնելու եւ գումարներ լուալու համար. շեմա մը (ուրուագիծ), որ ի վերջոյ ստացաւ «ատրպէյճանական լուացքատուն» անուանումը»։