ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ

Բնապահպանութեան, քաղաքաշինութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան նախարար Մեհմէտ Էօզհասեքի յայտարարեց, որ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած մեծ երկրաշարժին դէմ ձեռնարկած են 4 փուլէ բաղկացեալ ծրագրի մը մշակման աշխատանքներուն։ Նախարարը տեղեկացուց, որ անհրաժեշտութեան պարագային Ազգային մեծ ժողովը արտահերթ նիստի պիտի հրաւիրուի։ Ան յիշեցուց, որ տարեսկիզբին՝ փետրուարի 6-ին Թուրքիոյ մէջ պատահած երկրաշարժերու հետեւանքները արժած են 100 միլիառ ամերիկեան տոլար։

Նախարար Մեհմէտ Էօզհասեքի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակին մէջ։ Ան յիշեցուց, որ Իսթանպուլը աշխարհի վրայ երկրաշարժի ռիսքի ենթակայ 10 մեծ քաղաքներէն մին է։ 1.5 միլիոն կասկածելի շէնք գոյութիւն ունի քաղաքին մէջ։ Վերաքաղաքաշինութեան նախագիծերը արդէն կեանքի կը կոչուին Իսթանպուլի զանազան գաւառակներէն ներս։ Սա գործի առաջին փուլն է։ Երկրորդ փուլը պիտի ըլլայ՝ այժմ ճշդուած պահեստի բնակարաններու տարածքներէն ներս 350 հազար նոր բնակարանի կառուցումը։ Երրորդ փուլը կը վերաբերի վերակառուցումներու փոխարժէքի կէսին պետութեան կողմէ հատուցուիլը։ Չորրորդ փուլով ալ կը նախատեսուի մասնաւոր օրէնքի մը ընդունուիլը, որպէսզի այս ճանապարհին վրայ կարելի ըլլայ դիւրացնել ամէն տեսակ խոչընդոտի յաղթահարումը։

Այս բոլորի լոյսին տակ Էօզհասեքի կոչ ուղեց հասարակութեան բոլոր խաւերուն։ Ան յիշեցուց, որ այս գործընթացին մէջ պէտք է վարուիլ արագ։

Հարցազրոյցի մը ընթացքին ալ նախարարը յայտնեց, որ Իսթանպուլի մէջ յառաջիկային մեծ ներդրումներ կը նախատեսուին բնակարաններու համար։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 10, 2023