ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ ԳՈՐԾԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի «9-րդ ալիք» ստեղծագործութիւնը ընդգրկուած է ծովային նիւթով աշխարհի տասն լաւագոյն կտաւներու ցանկին վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ ցանկին մէջ ընդգրկուած գործերը կը պատկերեն ծովու ալիքներու անհաւանական գեղեցկութիւնը։ Սոյն ցուցակին մէջ ներգրաւուած Յովհան-նէս Այվազովսքիի «9-րդ ալիք»ը ստեղծագործուած է 1850 թուականին։
Այս ցանկը կազմուած է «The Creative Business»ին կողմէ, որ միջազգային գետնի վրայ կը վայելէ հեղինակութիւն։ Արուեստի նիւթերու հետամուտ այս պլոկը ըստ էութեան կը կեդրոնանայ լուսանկարչութեան եւ գեղանկարչութեան վրայ։ Ցանկը կազմած է գերմանացի յայտնի արուեստաբան, նկարչուհի Անտրէա Պեքլենտ, որու բազմաթիւ աշխատանքները ընդգրկուած են Գերմանիոյ պետական, Լախէյի, Փարիզի, Լոնտոնի եւ Ուաշինկթընի մասնաւոր հաւաքածոներուն մէջ։
Յիշեալ պլոկը ստեղծուած է խումբ մը լուսանկարիչներու, նկարիչներու եւ արուեստաբաններու կողմէ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն Եւրոպայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Անոր նպատակն է ընկերային մետիայի միջոցաւ աշխարհին ներկայացնել ընթացիկ ցուցահանդէսներու, աշխարհի ամենայայտնի թանգարաններու եւ պատկերասրահներու մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024