ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՎԱՏԹԱՐԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ
Պաշարեալ Արցախի մէջ կացութիւնը հետզհետէ աւելի ողբերգական կը դառնայ։ Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը կարելի չ՚ըլլար Լաչինի միջանցքով տեղ հասցնել։ Երեւանի ղեկավարութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացումը կը սպառնայ տարածաշրջանի խաղաղութեան։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ ունեցած իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ուշադրութիւն հրաւիրեց այս հանգամանքին վրայ։ Իր զրուցակիցներու շարքին էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ, որ օրուան տեւողութեան Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ ալ խօսեցաւ։
Երեւանի ղեկավարութեան ջանքերուն առընթեր, պաշարեալ Արցախին ելք մը գտնելու յոյսով շարժման անցած են նաեւ հասարակական կամ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ սփիւռքի շրջանակները, որոնց ապահովածը կ՚ըլլայ հազիւ Արեւմուտքէն կարգ մը խորհրդարանականներու կամ միջազգային կառոյցներու նախկին պաշտօնատարներու կողմէ յայտարարութիւններ։ Ըստ հայկական լրահոսին, պաշարեալ Արցախը կ՚ենթարկուի նաեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու յարձակումներուն՝ ինչպէս եւ Հայաստանի կարգ մը սահմանակից շրջանները։
Մոսկուայէն ալ երէկ հերթական յայտարարութիւնները հնչեցին՝ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն մասին։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան փոխ-բանբեր Ալեքսէյ Զայցեւ յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու շրջանակներէն ներս լուծումներ պէտք է գտնուին շարք մը բարդ նիւթերու համար։ Ան համամիտ գտնուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն մէկուն կողմէ վերջերս կատարուած յայտարարութեան, ըստ որու «Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն հասած ազդակները՝ շուտափոյթ խաղաղութեան հասնելու իրենց յանձնառութեան մասին, ամենեւին չեն նշանակեր, թէ կողմերը պատրաստ են համաձայնիլ որեւէ ծրագրի»։
Զայցեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան պայմանագրի նախապատրաստումը այս երկու երկիրներու ղեկավարներուն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ գոյացած եռակողմանի համաձայնութիւններու բաղադրիչներէն մին է։ Ռուսական կողմը եռանդով կ՚աջակցի Երեւանին եւ Պաքուին այս փաստաթուղթի պատրաստութեան ուղղութեամբ՝ բոլոր մակարդակներու վրայ օգտագործելով իր քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցները։ «Ամէն տարի տեղի կ՚ունենան եռակողմանի գագաթաժողովներ, արտաքին գործոց նախարարները պարբերաբար կը հանդիպին եւ նման հանդիպում եղած է վերջերս», ըսաւ Զայցեւ: