ԼԵՀԱՍՏԱՆ ԽՈՐԱՊԷՍ ՄՏԱՀՈԳ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ մտահոգիչ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան նաեւ Լեհաստան-Սպիտակ Ռուսիա սահմանին վրայ։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Լեհաստան կը հանդիսանայ Ուքրայնայի մեծագոյն պաշտպանը։ Այժմ, երբ «Վակներ» ռուսական վճարեալ զինեալներու խումբը հաստատուած է Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ, Լեհաստանն ալ մտահոգութեան մատնուած է՝ հաւանական խափանարարութիւնները հաշուի առնելով։ Վարշաւիոյ ղեկավարութիւնը ստեղծուած իրավիճակին մէջ որոշած է ձեռնարկել կուտակումներու։ Այսպէս, Լեհաստան 10 հազար զինուոր տեղակայած է Սպիտակ Ռուսիոյ հետ սահմանին վրայ։ Կը հաղորդուի, որ Լեհաստանի բանակէն 4 հազար զինուոր անընդհատ հերթապահութիւն պիտի իրականացնէ Սպիտակ Ռուսիոյ հետ սահմանին վրայ։

Իր կարգին, Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն ալ յայտնեց, որ ՆԱԹՕ-ի զօրքերը՝ 300 հազար զինուորէ բաղկացեալ կուտակում մը կ՚իրականացնեն Սպիտակ Ռուսիոյ շուրջ։

Լեհաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ Ռուսաստան Սպիտակ Ռուսիոյ վրայով շրջանառութեան մէջ կը խոթէ իր շանթաժներու եւ խափանարարութիւններու ծրագիրը Եւրոպայի դէմ։ Լեհաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը շուրջ շաբաթ մը առաջ տեղեկացուցած էր, որ «Վակներ»ի զինեալները փորձած են անցնիլ սահմանը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 11, 2023