ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ
Վաղը, 13 օգոստոս 2023-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինին վերափոխումի յիշատակութեան տօնը:
Սուրբ Աստուածամօր վերափոխումին մասին շատեր գիտեն, թէ ինչպէս իր ննջումէն ետք իր Միածին Որդին եւ մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս Իր խոստումին համաձայն կու գայ եւ Իր մայրը՝ Սուրբ Մարիամը երկինք կը վերափոխէ:
Վերափոխութեան այս տօնին կապակցութեամբ մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ կ՚ուզեմ մի քանի մտածումներով բաժնեկցիլ:
Ա) ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԸ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿ
Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը իր օրինակով բոլոր ժամանակներուն համար հնազանդութեան ամենէն խօսուն օրինակներէն մէկը եղաւ:
Պահ մը երբ ուսումնասիրենք անոր կեանքը, անոր անցած ընթացքը, ապա պիտի համոզուինք, որ անոր կեանքի ընթացքը դիւրին չէ եղած, ընդհակառակը, բազմաթիւ դժուարութիւններով ու նեղութիւններով լեցուն կեանք մը ունեցած է ան, սակայն Աստուծոյ նկատմամբ իր վստահութեան ու հաւատարմութեան շնորհիւ, այդ բոլոր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները յաղթահարած է լռելեայն, իր հաւատքը կեանքի վերածելուն շնորհիւ:
Աւետարաններէն կը տեղեկանանք, թէ Սուրբ Կոյս Մարիամը նշանուած է Յովսէփ անունով արդար մարդու մը հետ: Ահա, այդ միջոցին է, որ Աստուծոյ դեսպանը՝ Սուրբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետը այցելելով իրեն, կը յայտնէ իրեն Աստուծոյ ծրագիրը: Ինչպէս բոլոր մարդոց պարագային, այդպէս ալ Աստուածամայր Սուրբ Կոյսը առաջին պահուն կը տատամսի, կը զարմանայ, կը վախնայ, կը կասկածի, թէ ինչպէ՞ս կրնայ նման բան պատահիլ երբ տակաւին ամուսնացած չէր (տե՛ս Ղկ 1.34), միւս կողմէ բնականաբար մարդկային մտայնութեամբ կը մտածէ, թէ մարդիկ ի՞նչ պիտի մտածէին այս բոլորին մասին, սակայն Աստուծոյ նկատմամբ իր ունեցած ջերմ հաւատքը զինք կը մղեն ընդունելու Աստուծոյ ծրագիրը եւ գործելու Աստուծոյ կամքին համաձայն, երբ Գաբրիէլ Հրեշտակապետին ըսաւ, թէ՝ Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ (Ղկ 1.38):
Այս նախադասութեան արտաբերումով Ս. Կոյս Մարիամը իր կատարեալ հնազանդութիւնը յայտնեց Աստուծոյ կամքին, առանց մտածելու հետեւանքներուն մասին: Երբ առանց մտածելու հետեւանքներուն մասին կ՚ըսենք, ո՛չ թէ նկատի ունինք Աստուծոյ ծրագիրը, այլ՝ մարդկային մտածումէն ծագած հետեւանքները: Բնականաբար, մարդիկ պիտի հետաքրքրուէին, պիտի փորձէին հասկնալ, թէ ի՜նչ է պատահածը, պիտի բողոքէին, բամբասէին, զրպարտէին, յանդիմանէին, անարգէին, անպատուէին… Ս. Մարիամ Աստուածածինը այս բոլոր բաները կը գիտակցէր, սակայն իրեն համար Աստուծոյ կամքն ու Աստուծոյ ըսածը աւելի վեր ու աւելի առաջ էին մարդոց ըսի-ըսաւներէն ու կարծիքներէն, Աստուծոյ խօսքը աւելի յարգի էր իրեն համար քան մարդոց չկշռադատուած եւ ատելութեամբ ու չարութեամբ լեցուն խօսքերը: Եւ առ այդ, Ս. Կոյսը նախընտրեց Աստուծոյ խօսքին հնազանդիլ, Աստուծոյ խօսքը գործադրել քան թէ վախնալ կամ մտածել մարդոց վերաբերմունքի մասին:
Այսօր, մեր օրերուն, մեզմէ շատեր Սուրբ Աստուածածինի որդեգրած ընթացքին ճիշդ հակառակ ընթացքն է որ կ՚որդեգրէ, այսինքն՝ այսօրուան մարդը մարդոց ըսի-ըսաւներուն ու կարծիքներուն աւելի արժէք ու տեղ կու տայ, քան Աստուծոյ խօսքին, ծրագրին ու կամքին:
Այսօրուան մարդուն երբ Աստուծոյ ու Անոր կամքին մասին խօսիս, ապացոյցներ ու փաստեր կը պահանջէ, այն ալ՝ նիւթական ապացոյցներ ու փաստեր, ապա նոր միայն կը սկսի մտածել ընդունի թէ չէ, ըմբռնէ ըսուածը թէ չէ, մէկ խօսքով, այսօրուան մարդուն կարկինը նիւթն ու նիւթականն է իր բոլոր առումներով: Այլ խօսքով, այսօրուան մարդը ինքզինք ստրուկ դարձուցած է նիւթին եւ նիւթականին:
Մարիամ Աստուածածինը, սակայն, մեզի կու տայ հնազանդութեան կարեւորագոյն դաս մը, որով ո՛չ թէ մարդոց կարծիքը պէտք է նկատի ունենալ կամ առաջնային դասել մարդոց կարծիքն ու ըսի-ըսաւները, այլ՝ առաջինը պէտք է նկատի ունենանք Աստուծոյ խօսքը, Աստուծոյ կամքը, Աստուծոյ մեզմէ ուզածը, վստահ ըլլալով, երբ հակառակուելով աշխարհին ու աշխարհիկ մտածողութեան, եւ հնազանդելով Աստուծոյ ու Անոր Սուրբ Կամքին երբեք ամօթով չենք մնար, երբեք ճանապարհի կէսին չենք մնար, երբեք անօգնական չենք մնար, ընդհակառակը մեր սպասածէն ու ակնկալածէն աւելին կը ստանանք ու հակառակ մեր ունեցած դժուարութիւններուն, փորձութիւններուն ու նեղութիւններուն, Աստուծոյ շնորհքով ու օրհնութեամբ դիւրութեամբ եւ ուրախութեամբ կը տանինք այդ բոլորը, մեր աչքը ուղղած ըլլալով մեր Նպատակակէտին՝ Աստուծոյ:
Բ) ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԸ ԻՐԱՒ ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՏԻՊԱՐ
Ներկայի մարդկութիւնը թերեւս ամենէն շատ կարիքն ունի իրաւ մայրերու: Այսօրուան մարդկութեան ապրած ներկայ այլասերուած իրավիճակին գլխաւոր դերակատարները, չըսելու համար մեղաւորները՝ մայրերն են: Ընթերցողը չկարծէ թէ մայրերը կը մեղադրեմ, կամ կը թերագնահատեմ անոնց նուիրուածութիւնն ու ծանր կոչումը, ըսածս պարզապէս այն է, որ այսօրուան ընկերութեան մէկ շարք յոռի երեւոյթներուն պատճառը գլխաւորաբար մայրերն են, իրենց թուլակամ, անպատասխանատու եւ ամենաթողութեան հոգեբանութեան վերաբերմունքով: Միւս կողմէ, ցաւով կ՚արձանագրենք, որ այսօրուան շատ մը մայրեր իրենց զաւակներէն աւելի իրե՛նք է որ դաստիարակութեան կարիքն ունին… Այս բոլորին լոյսին տակ, կը կարծեմ, որ ընթերցողին համար յստակ կը դառնայ վերը արտայայտած մտածումս՝ մայրերու մեղաւորութեան կապակցութեամբ:
Այսօրուան մայրերը կարիքն ունին իսկական տիպարներու եւ օրինակներու, որպէսզի անոնցմէ ներշնչուելով իրենք եւս դառնան իրաւ ու իսկական մայրեր: Բնականաբար, իւրաքանչիւր մօր համար առաջին հերթին ամենէն մտերիմ ու հարազատ տիպարը իր իսկ մայրն է. արժան եւ իրաւ: Միւս կողմէ սակայն, մեր կեանքը լեցուն է բազմաթիւ տիպար ու օրինակելի կիներով, որոնցմէ իւրաքանչիւր մայր կրնայ ներշնչուիլ, օրինակ առնել, առանց անտեսելու կամ անտարբերութեան մատնելու իր մայրը: Այս առումով, բոլոր մայրերուն համար ամենէն դաստիարակիչ եւ գօտեպնդիչ օրինակն ու տիպարը մայրերու մայր՝ Սուրբ Մայրիկ Աստուածածինը ի՛նքն է:
Առաջին կէտին մէջ անդրադարձանք Սուրբ Աստուածածինի հնազանդութեան: Այդ յատկութեան այստեղ կրնանք աւելցնել հետեւեալները.
1) Աստուածավախութիւն:
2) Պարզութիւն:
3) Վստահութիւն:
4) Համբերութիւն:
1) Աստուածավախութիւն
Մայրիկ Աստուածածինը աստուածավախ էր իր փոքր հասակէն: Իր աստուածավախութիւնը ո՛չ թէ վախի արդիւնք էր, ընդհակառակը՝ սիրոյ ու ջերմութեան: Մայրիկ Աստուածածինը զԱստուած կը սիրէր ու այդ սէրն էր, որ զինք մղած էր ու իր մէջ կրթած էր աստուածավախութեան յատկութիւնը: Այսօրուան մայրերը եւս, կարիքն ունին այդ աստուածավախութեան յատկութեան. յատկութիւն մը, որ դժբախտաբար շատ մայրերու մօտ չկայ, որովհետեւ անոնց մօտ չկա՛յ աստուածգիտութիւնը, այսինքն՝ այսօրուան մայրերէն շատեր զԱստուած չեն ճանչնար: Արդարեւ, Մայրիկ Աստուածածինի օրինակը պէտք է իւրաքանչիւր մօր համար խթան ըլլայ զԱստուած ճանչնալու, զԱստուած սիրելու եւ աստուածավախ ըլլալու, ու ըլլալէ ետք այդ բոլորը իրենց զաւակներուն փոխանցելու, իրենց զաւակները ատով սնուցելու եւ աճեցնելու:
2) Պարզութիւն
Պարզութիւն Աստուածամօր ամենէն ցուցիչ յատկութիւններէն մէկն էր: Աւետարանին մէջ կը կարդանք իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին այցելութեան երթալու դրուագը, ուր լսելէ ետք Եղիսաբէթի ողջոյնը, Սուրբ Մարիամը կը սկսի զԱստուած գովերգել (կարդա՛լ Ղկ 1.39-56): Մարիամ չհպարտացաւ կամ չմեծամտեցաւ լսելով Եղիսաբէթի ողջոյնը, ընդհակառակը, այդ բոլորը վերագրեց Աստուծոյ, որովհետեւ գիտէր, թէ ինք Աստուծոյ աղախինն է եւ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկար, այլ խօսքով՝ ինք ինքզինք յանձնած էր Աստուծոյ, ինքզինք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ դրած էր:
Եղիսաբէթի այցելութեան դրուագին մէջ այլ ուշագրաւ դէպք մըն ալ կայ, որ կը վկայէ Սուրբ Աստուածածինին պարզութեան: Արդարեւ, Ղուկասի Աւետարանի 1-ին գլուխին 56-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Մարիամ Եղիսաբէթի մօտ շուրջ երեք ամիս մնալէ ետք վերադարձաւ իր տունը»: Եղիսաբէթը ինք եւս յղի էր՝ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչով, երբ Աստուածամայրը այցելութեան եկաւ իրեն: Սուրբ Կոյսը հակառակ այն իրողութեան որ յղի էր, հակառակ այն իրողութեան որ իր ազգականը՝ Եղիսաբէթն ալ յղի էր, երեք ամիսներ կը մնայ այնտեղ: Պահ մը մտաբերեցէք այսօրուան յղիները… մէկ շաբաթակ յղի կինը կարծէք աշխարհի բոլոր ցաւերը իր վրայ են… կը դժուարանայ շարժուիլ, աշխատիլ, երթալ-գալ, եւ ամէն ինչի մէջ իր յղիութիւնը մէջտեղ կը նետէ… Աստուածամայրը այդպէս չվարուեցաւ սակայն, ընդհակառակը, մնաց իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին մօտ, օգնելու, խնամելու համար զայն, եւ այդ առանց տրտունջի ու առանց այլեւայլ ձեւականութիւններու:
3) Վստահութիւն
Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկրային առաջին հրաշքը որու մասին աւետարանները կը խօսին, Կանա քաղաքին մէջ կայացած հարսանիքի մը ընթացքին, ջուրը գինիի վերածելու հրաշքն է: Այս դէպքին մէջ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Մայրիկ Աստուածածինին ունեցած բացարձակ վստահութեան մասին: Սուրբ Կոյսը երբ կ՚իմանայ, թէ գինին սպառած է, կը մօտենայ իր Որդիին, կը տեղեկացնէ, եւ հակառակ անոր որ իր Որդին կը փորձէ խուսափիլ, սակայն ինք ուշադրութիւն չի՛ դարձներ, այլ դառնալով ծառաներուն, կ՚ըսէ անոնց.
-Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք (Յհ 2.5): Արդիւնքը գիտենք բոլորս:
Դարձեալ տեղափոխուինք մեր օրեր: Այսօրուան մայրերը կատարեալ երկու ծայրայեղութիւններու մէջ են.
ա. Բացարձակ վստահութիւն:
բ. Բացարձակ անվստահութիւն:
ա. Բացարձակ վստահութիւն. այս կէտին մէջ ալ երկուութիւն մը կը տիրէ.
- Բացարձակ վստահութիւն, որ կառուցողական է:
- Բացարձակ վստահութիւն, որ սանձարձակութիւն է:
Կառուցողական բացարձակ վստահութիւն անով, որ մայրերը, ծնողները, իրենց զաւակները լաւագոյնս դաստիարակելով, բացարձակ վստահութիւն ունին անոնց կարողութիւններուն ու ընդունակութիւններուն նկատմամբ, որով կրնան համարձակութեամբ դիմել անոնց որեւէ մէկ խնդրով, վստահ ըլլալով, որ իրենց զաւակները իրենց կարելին պիտի ընեն:
Սանձարձակ բացարձակ վստահութիւն անով, որ մայրերը, ծնողները, անուս կամ թերուս ըլլալով, կամ շլացած ըլլալով այլոց զաւակներուն յաջողութիւններով ու ձեռքբերումներով, իրենք զիրենք եւ իրենց զաւակները կը ներշնչեն՝ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, առանց մտածելու որ նման պարագաներու իրականութեան հետ դէմ յանդիման կանգնիլը ո՛չ միայն պիտի վնասէ իրենց զաւակները, այլեւ զիրենք, իսկ իրենց զաւակներուն կրած վնասը ժամանակաւոր պիտի չըլլայ, այլ՝ երկարատեւ, որովհետեւ մերօրեայ կեանքը նման ձեւականութիւններ չի՛ կրնար տանիլ՝ իր սրընթաց յառաջընթացին պատճառով:
Մայրեր, կառուցողական բացարձակ վստահութիւն ունեցէք ձեր զաւակներուն նկատմամբ, բայց մինչ այդ վստահ եղէք որ այդ վստահութեան համապատասխան կրթութիւն ու դաստիարակութիւն տուած էք ձեր զաւակներուն, ինչպէս վստահ էր Մայրիկ Աստուածածինը, որ առանց կասկածելու կամ երկմտելու, առանց վիճելու իր Զաւակին հետ, պարզապէս տեղեկացուց Անոր ծագած իրավիճակին մասին, ու դառնալով սպասաւորներուն կատարեալ վստահութեամբ, ըսաւ.
-Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք:
բ. Բացարձակ անվստահութիւն. ա. կէտին ճիշդ հակառակ իրողութիւնը, որով այս անգամ մայրերը, ծնողները բացարձակ անվստահութիւն կը ցուցաբերեն իրենց զաւակներուն նկատմամբ, պատճառաբանելով, տակաւին փոքրիկ ես, խելքդ չի՛ կտրեր, տակաւին շատ ապուր պէտք է ուտես որ այսպիսի բաներ հասկնաս, քու գործդ չէ՝ գործերովդ ու տարիքիդ համապատասխան բաներով զբաղէ… եւ նման հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններ; Այս բոլոր պատճառաբանութիւնները, սակայն, զաւակներուն մէջ կը սպաննեն ինքնավստահութեան ու կայացումի բոլոր հնարաւորութիւնները, որով կը դառնան թուլակամ, վստահութենէ զուրկ, եւ բազմաթիւ բարդութիւններ կ՚ունենան յարաբերելու իրենց տարեկիցներուն եւ ընդհանրապէս բոլորին հետ, եւ իրենց կեանքի ընթացքը իր բնականոն ուղիէն շեղելով մէկ անգամ ընդմիշտ շեղած կը մնայ…
Արդարեւ, երկու վստահութիւններու պարագային ալ, ծնողներ, յատկապէս մայրեր չափաւորութիւն ցուցաբերեցէք ձեր ունեցած վստահութեան մէջ, ձեզի օրինակ ունենալով Սուրբ Աստուածամօր տիպարը:
4) Համբերութիւն
Մայրիկ Աստուածածինին մէկ այլ յատկանշող բնաւորութիւնը համբերութեան իր կարողութիւնն էր: Այսօր երբ կը մտածենք անոր կեանքին մասին, մեզմէ շատեր կը տարուին մտածելու, թէ ան հանգիստ կեանք մը ունեցած է, լաւ կեանք մը ապրած է, չէ՞ որ Աստուածորդիին մայրն էր: Բայց միթէ՞ այդպէս է. ի՞նչ կը կարծէք, մօր մը համար դիւրի՞ն է իր աչքերուն առջեւ տեսնել իր զաւակին չարչարուիլը, ժողովուրդին ատելութեան խօսքերը լսելը, տեսնել թէ ինչպէ՛ս կը խաչեն իր զաւակը, տեսնել իր զաւակին կրած նեղութիւնը խաչին վրայ, հոգին աւանդելը, եւ յետոյ խաչին տակ վերջին անգամ ըլլալով գրկել իր զաւակին անհոգի մարմինը… դիւրի՞ն է կարծէք այս բոլորը… Պահ մը դուք ձեզ դրէք Աստուածամօր տեղ եւ փորձեցէք զգալ անոր զգացածը, զգալ անոր ապրումները այդ իրավիճակներուն մէջ…
Արդարեւ, այս բոլորին լոյսին տակ Մայրիկ Աստուածածինը համբերութեան, համբերատարութեան հզօր տիպար մըն է, որ իր համբերութիւնը դարձեալ կը ստանայ Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած իր սէրէն, վստահութենէն ու երկիւղէն, եւ այն գիտակցութենէն, թէ Աստուծոյ կամքը եւ Անոր գործելու կերպերը շատ յաճախ տարբեր են մեր մարդկային ըմբռնողութենէն ու հասկացողութենէն, որով մենք պէտք է սորվինք համբերատար ըլլալ ու միշտ խնդրել, որ Աստուած Ի՛նք առաջնորդէ մեր քայլերը, ցոյց տայ մեզի ուղին, ուրկէ պէտք է ընթանանք:
Մայրիկ Աստուածածինը ականատես դարձաւ իր Զաւակին չարչարանքներուն, մահուան ու թաղման, սակայն իր պարզութեամբ, իր ունեցած բացարձակ վստահութեամբ արժանացաւ դարձեալ տեսնելու իր Զաւակը՝ այս անգամ յարութիւն առած, կենդանացած ու յաղթանակած; Աւելին, Աստուածամայրը իր Որդիէն խոստում ստացաւ այստեղ՝ այս աշխարհին մէջ չմնալու, այլ՝ երթալու երկինք, որով իր՝ Աստուածամօր ննջումէն ետք, Ի՛նքն իսկ՝ իր Որդին ու մեր Տէրը եւ Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս եկաւ ու փոխադրեց զինք երկինք:
Վերափոխումի այս հրաշալի տօնին եկէք բոլորս մեր ձեռքերն ու աչքերը երկինք բարձրացնենք ու լուսահոգի Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեանի բառերով դիմենք Աստուածամօր, ըսելով.
«Մեղա՜յ քեզի, Աստուածածին, մեղա՜յ քեզի կեանքի մայր, ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ քու Զաւակդ եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը կորսնցուցիր, եւ գիտե՛ս կորուստիդ ցաւը, խնայէ՛ մեր մայրերը զաւակներու ցաւերէն:
Մեղա՜յ քեզի, հրաշագեղ եւ աստուածընկալ տաղաւար, ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ աչքերուդ լոյսը, Զաւա՛կդ կորսնցուցիր, թոյլ մի՛ տար, որ մեր մայրերուն աչքերը խաւարին ու մթագնին:
Մեղա՜յ քեզի, հրեղէն սիւն եւ լոյսի աշտանակ ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ լուսատես Որդիիդ մթագնումը տեսար, թոյլ մի՛ տար որ մեր զաւակները մթագնին կեանքի ամպոտ, որոտացող այս առօրեային մէջ:
Մեղա՜յ քեզի, լոյսի դուստր եւ չհարսնացած ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ մէկ հատիկ համասփիւռ Ծաղիկդ թառամած տեսար, թոյլ մի՛ տար որ մեր զաւակները թառամին՝ հոգիներն ու մարմինները կիզող կեանքի այս օրերուն:
Մեղա՜յ քեզի, սերովբէներէն վերօրհնուած ու հրեշտակներէն փառաւորուած ո՜վ Աստուածածին Մարիամ, դո՛ւն՝ որ աշտարակ Որդիիդ քայքայումը տեսար, թոյլ մի՛ տար որ մեր զաւակները քայքայուին՝ անխիղճ, անօրէն եւ անողորմ այս օրուան գիտութեան ձեռքերուն մէջ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
7 օգոստոս 2023, Վաղարշապատ