ՊԱՔ ԳՆԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ

Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Օսման Աշքըն Պաք երէկ երեկոյեան այցելեց Գնալը կղզի, ուր մասնակցութիւն բերաւ՝ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ կազմակերպուած մարզական խրախճանքին։ Նախարարին ընկերացաւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Կղզիի հրապարակին վրայ դիմաւորուելէ վերջ ան առաջնորդուեցաւ դէպի փոքր մարզասրահը, ուր տեղի ունեցաւ խրախճանքը։ Ճանապարհին նախարարը ջերմ զրոյց ունեցաւ կղզեցիներուն հետ։ Մինչ այդ, մարզադաշտին վրայ ալ նախարարը ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին բոլորին փոխանցեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի ողջոյնները։

Ի յիշատակ այս օրուան, մարզական խրախճանքի կազմակերպիչները պատրաստած էին յուշանուէրներ։ Նախարարին յուշանուէրը յանձնեց տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Իսկ այս վերջնոյն համար պատրաստուած յուշանուէրն ալ յանձնուեցաւ՝ ձեռամբ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 14, 2023