ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ ՎԵՐՍՏԻՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՄԱՐ
Յառաջիկայ տարի նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ ներքին քաղաքական օրակարգը դարձեալ կեդրոնացած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պարագային նախատեսուած ընտրապայքարին վրայ։ Երէկ, այժմու գլխաւոր քաղաքապետը՝ Էքրէմ Իմամօղլու յայտարարեց, որ Իսթանպուլը պաշտպանելու համար վերստին ճանապարհ դուրս կու գայ։ Իմամօղլուի բանաձեւումով՝ թեկնածութիւն առաջադրելը քաղաքական առումով կրնայ ճիշդ չըլլալ, սակայն ինք արդէն հանրային կարծիքին կը տեղեկացնէ, որ ճանապարհ դուրս եկած է այս քաղաքին համար։
Իմամօղլուի պարագան՝ մանաւանդ իր թեկնածութեան վերաբերեալ հանգամանքները սահմանափակուած չեն Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրապայքարին վերաբերեալ երեսակներով։ Արդարեւ, գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի շարքերէն ներս ներկայիս լուրջ անորոշութիւններ եւ վերիվայրումներ խնդրոյ առարկայ են։ Այս կուսակցութիւնը կը նախատեսէ համագումար մը կազմակերպել եւ տակաւին նոյնիսկ յայտնի չէ, թէ այժմու կուսակցապետը՝ Քեմալ Քըլըչտարօղլու վերստին թեկնածութիւն պիտի առաջադրէ, կամ ոչ։ Էքրէմ Իմամօղլուն ալ երկար ժամանակէ ի վեր կը դասուի կուսակցապետի թեկնածուներու շարքին, սակայն իր պարագային ալ վերջնական յստակացում մը չկայ։ Իմամօղլու երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ ՃՀՓ-ն այլեւս ընտրութիւն պէտք չէ կորսնցնէ եւ պիտի չկորսնցնէ։
Ի լրումն այս բոլորին, գործող քաղաքապետը յայտնեց, որ միջկուսակցական «Իսթանպուլի դաշինք»ի մը ստեղծման համար բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ պիտի դնէ։ «Պէտք է վէճերը մէկ կողմ թողունք եւ միասնաբար շարժինք», ըսաւ Իմամօղլու եւ աւելցուց, որ Քըլըչտարօղլուի հետ զանազան առիթներով կը տեսակցին, նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներով ալ կապի մէջ են։
Իմամօղլու համոզուած է, թէ ուրիշ քաղաքական կուսակցութիւններուն պատասխանատուութիւն վերագրելը ճիշդ չի համարեր։ «Պիտի շարունակեմ իմ մօտեցումները բաժնել հանրային կարծիքին հետ», ըսաւ ան։