ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՆ ԳԱՌՆԻԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ
Համահայկական 8-րդ խաղերը շաբաթավերջին եզրափակուեցան՝ Գառնիի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Պատմական մեհեանին շուրջ համախմբուեցան հազարաւորներ, որոնք վառ տպաւորութիւններ ունեցան խաղերէն եւ յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ տուին իրարու։ Փակման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան, Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Նախագահ Խաչատուրեան եւ Իշխան Զաքարեան հանդէս եկան ելոյթներով։ Խաչատուրեան շեշտեց, որ 25 տարիէ ի վեր այս խաղերը դարձած են կամուրջ մը՝ աշխարհի տասնեակ երկիրներու բնակիչ հայերուն եւ Հայաստանի միջեւ։
Հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ դափնեկիրները ստացան իրենց մրցանակներն ու մետայլները։ Պարգեւատրուեցաւ նաեւ Համահայկական 8-րդ խաղերու գեղեցկուհին՝ ամերիկահայ Աննա Ասլանեան։ Բոլոր անուանակարգերու յաղթականները արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։ Յանձնուեցան նաեւ Համահայկական խաղերու 25-ամեակի ոսկէ մետայլներն ու 25-ամեակի մետայլները։ Այս պարգեւատրեալներու շարքին էին նաեւ Համաշխարհային կոմիտէի կարգ մը սփիւռքահայ անդամները, որոնք կազմակերպչական աշխատանքներուն բերած են իրենց նպաստը։
Փակման հանդիսութեան ընթացքին խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ հրավառութեամբ։