ՊԵԼԺԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ ընդունեց Պելժիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպը, որ կ՚այցելէ Երեւան։ Երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ օրուան տեւողութեան կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Արարատ Միրզոյեան եւ Հաճա Լահպիպ յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Հիւր նախարարը կ՚ընդունուի նաեւ Երեւանի բարձրագոյն ղեկավարութենէն այլ դէմքերու կողմէ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2023