ՄԻՇՏ ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Ատրպէյճան մէկ կողմէ տեւական պաշարման տակ կը պահէ Արցախը, որու վրայ եւս կը կրակէ անդադար, իսկ միւս կողմէ իր յարձակումներէն անմասն չեն մնար նաեւ Հայաստանի սահմանները։ Վերջին օրերուն Հայաստանի բանակէն զինուոր մըն ալ նահատակուեցաւ սահմանին վրայ։

Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ամբողջ թափով դիւանագիտական աշխատանքներ յառաջ տանիլ Պաքուի առկայ ընթացքն ու հետեւանքները կասեցնելու համար։ Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց. «Մենք այժմ չենք լսած Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերեալ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հրապարակային խօսքերը»։ Նախարարին խօսքով՝ հայկական կողմին տեսակէտէ էական է, որ բոլոր հարթակներու վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչուին ու գործեն։

Պելժիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպի հետ երէկ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Միջնորդները պէտք է հոգ տանին, որպէսզի իրենց միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչուին»։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը այս կապակցութեամբ աւելցուց. «Դժբախտաբար, մենք քանի մը անգամ ականատես եղանք իրավիճակի մը, երբ, հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւն մը ձեռք կը բերուի, յետոյ դաշտի վրայ այդ պայմանաւորուածութիւնը չենք տեսներ։ Օրինակ, ցայսօր մենք չենք լսած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերեալ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հրապարակային խօսքերը՝ մինչդեռ այդպիսի խօսքեր լսած ենք փակ հանդիպումներու ընթացքին։ Այս հանգամանքը խիստ մտահոգիչ է Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ Սա վկայութիւն մըն է, թէ Ատրպէյճան Հայաստանի տարածքներու պարագային ունի յաւակնութիւններ։ Ո՛չ միայն չեն յարգուիր պայմանաւորուածութիւնները, այլեւ մենք ականատես կ՚ըլլանք ճիշդ հակառակ գործընթացներուն։ Մինչ մենք կը խօսինք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրումը պէտք է ըլլայ կարգաւորման մաս ու առանց այս բանին իրատես չէ երկարատեւ, կայուն խաղաղութիւն ակնկալել Հարաւային Կովկասի մէջ, ապա իրականութեան մէջ կը տեսնենք Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման միջոցաւ ամբողջ տարածաշրջանի մը ու ժողովուրդին պաշարումը, սովամահութեան դրդում, անհրաժեշտ դեղօրայքէ զրկում։ Հայաստան տարբերութիւն կը դնէ ո՛չ թէ բանակցային հարթակներու, այլ մեթոտներու միջեւ ու կը կարեւորէ պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչուիլը»։

Ասուլիսի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան յիշեցուց, որ Ատրպէյճան շարունակ կը խախտէ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան գրեթէ բոլոր կէտերը։ «Մենք շարունակաբար կ՚ահազանգենք՝ Ատրպէյճանի գործողութիւններու հիմքին կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղը էթնիք զտումներու ենթարկելու բացայայտ քաղաքականութիւնը», ըսաւ Միրզոյեան եւ հերթական անգամ ընդգծեց Արցախի առկայ մարդասիրական տագնապը, որ ստեղծուած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի՝ արդէն 8 ամիսէ ի վեր ապօրինի փակման հետեւանքով։ Միրզոյեան համոզուած է, թէ այս գործելաոճով Ատրպէյճան մարտահրաւէր կը նետէ տարածաշրջանէն ներս իսկական կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ միջազգային հանրութեան ջանքերուն։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, երէկ Իրանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Մուհամմէտ Հիւսէյին Պաղերի հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանի իրավիճակին։ Անոնք հանգամանալից կարծիքներ փոխանակեցին առկայ անվտանգութեան հարցերուն շուրջ։

Նոյնպէս երէկ, Պաքուի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Իրանի դեսպան Սէյիտ Ապպասի եւ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Պոչարինքովի միջեւ։ Անոնք քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան ուղղեալ բանակցութիւններու վերջին իրադարձութիւնները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2023