ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ՎԱՐՊԵՏ ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՄՆԱԿԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ԳԻՐՔ ՄԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջերս լոյս տեսած է համակրելի պրպտող Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Tanzimat, İstibdat ve Meşrutiyet Tiyatrosunda Mardiros Mınakyan (Türk Devlet Tiyatrosu Darülbedayi)»։ Սա հեղինակին առաջին գիրքը չէ եւ բոլոր անոնք, որոնք իր ծաւալուն պրպտումներու հետաքրքրական արդիւնքին հաղորդ կը դառնան, այս նոր գիրքի հրատարակութեան առիթով խանդավառուած են։ Արդարեւ, Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ ուրոյն ոճով իր ընթերցողները կ՚առաջնորդէ՝ գեղարուեստական եւ ընկերային պատմութեան զանազան ծալքերուն մէջ նոր գիւտերու, ինչ որ կու գայ համալրել կարեւոր դէպքերու կամ վառ դէմքերու վերաբերեալ հանրային ընկալումները կամ ընդհանրացած գիտելիքները։ Ան թէեւ անցեալի դէմքերու կամ դէպքերու մասին կը գրէ, սակայն իր մատուցելու վարպետութիւնը կ՚ապահովէ, որ այդ բոլորը ընթերցուին մէկ շունչով եւ անոնց մէջէն ի յայտ գան բանալիներ արդի հարցումներու կամ հարցադրումներու պատասխաններու որոնման առումով։ Իր պրպտումները կը բիւղերացնեն հայոց ներդրումը օսմանեան եւ թրքական թատրոնին։
Հարկ է նշել, որ Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլի գիրքը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է «Քոր» հրատարակչութեան կողմէ։