ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԱՅԻՆ ԱՐԿԱԾ
Միջազգային լրահոսին վրայ երէկ ռումբի ազդեցութիւն գործեցին՝ Ռուսաստանի մէջ պատահած օդանաւի արկածի մը մասին լուրերը։ Այսպէս, Մոսկուա-Սեն Փեթերսպուրկ ուղղութեան վրայ թռիչքի ժամանակ՝ Ռուսաստանի մայրաքաղաքի հարաւին անկում ունեցաւ մասնաւոր ինքնաթիռ մը, որու ուղեւորներու շարքին կը գտնուէր «Վակներ» վարձկան զինեալներու խմբաւորման հիմնադիր ու ղեկավար Եւկենի Փրիկոժին։ ԹԱՍՍ պաշտօնական գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ դէպքին հետեւանքով մահացած են թէ՛ Փրիկոժին եւ թէ այդ մասնաւոր թռիչքին միւս 10 ուղեւորները՝ ներառեալ անձնակազմը։ Ռուսաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը դէպքին վերաբերեալ հրապարակեց կարգ մը մանրամասնութիւններ, ըստ որոնց օդանաւը թռիչք առնելէ կէս ժամ վերջ անկում ունեցած է։
Եւկենի Փրիկոժին ճիշդ երկու ամիս առաջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ ըմբոստացած էր՝ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող զինեալներուն հետ յառաջանալով մինչեւ Մոսկուայի մատոյցները։ «Վակներ»ի զինեալները Ուքրայնայի դէմ պատերազմի ընթացքին երկար ժամանակ ազդու մասնակցութիւն ունեցած էին Ռուսաստանի բանակի կողքին։ Այդ բոլորէն վերջ Փրիկոժինի անակնկալ շրջադարձը եւ ըմբոստութիւնը հազիւ զսպուած էր՝ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյին ալ միջնորդական ջանքերով։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի պայմաններուն ներքեւ լուրջ աղմուկ յառաջացուցած այս դէպքը նաեւ հարցականներու ծնունդ տուած էր զանազան առումներով՝ ներառեալ Փութինի ղեկավարման կարողութիւնները։ Յամենայնդէպս, այդ բոլորէն վերջ հաղորդուած էր, որ Փութին ներած է Փրիկոժինը։
Եւկենի Փրիկոժին վերջին անգամ ներկայ շաբթուան սկիզբին ընկերային ցանցերու վրայ հանրային կարծիքին առջեւ յայտնուած էր տեսանիւթով մը, որու մէջ կը խօսէր «Վակներ» զինեալներու խումբի Ափրիկէի գործունէութեան շուրջ։ Սա ստեղծած էր այն տպաւորութիւնը, թէ Փրիկոժին այդ ցամաքամասին վրայ կը գտնուէր։ Ռուսական կարգ մը լրատուամիջոցներ երէկ յայտնած էին, որ «Վակներ»ի ղեկավարը Ափրիկէէն վերադարձած էր Ռուսաստան։
Այս բոլորէն վերջ Փրիկոժինի օդանաւի արկածի մը զոհ երթալը եկած է մեծ հարցականներու դուռ բանալու, բազում վարկածներու արծարծման։ Այդ բոլորով պայմանաւորուած համայնապատկերին վրայ լրատուամիջոցները կը յիշեցնեն Փութինի հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ օգտագործած բանաձեւումները, ըստ որոնց, դաւաճանութիւնը աններելի է իրեն համար։ Այդ խօսքերը այնպէս մեկնաբանուած էին, թէ Փրիկոժին մահափորձի մը զոհ կրնայ երթալ։ Ի լրումն այս բոլորին, միջազգային հաղորդումներուն մէջ կը մատնանշուի, որ Փրիկոժինի «Վակներ»ը գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ արաբական երկիրներու մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դէպքէն վերջ յայտնած է, որ սա անակնկալ մը չէ իրեն համար։