ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԹՇՆԱՄԱՆՔ ԿԸ ՀՐԱՀՐԷ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ
Հայաստանի հասարակական կարեւոր կազմակերպութիւններէն «Թաթոյեան» հիմնադրամը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ըստ որու, Ատրպէյճանի իշխանութիւնը աշխուժացուցած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ թշնամանքը։ Հարկ է նշել, որ այս հիմնադրամը կը գլխաւորուի Հայաստանի նախկին մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի կողմէ։
«Ատրպէյճանի իշխանութիւնը աշխուժացուցած է թշնամանքը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ՝ զայն հռչակելով 5-րդ շարասիւն, ռէօվանշիզմի եւ պատերազմի քարոզիչ», նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ ընդգծուած, որ այս ամբողջին մէջ կը փորձուի անոր դէմ պայքար հրահրել։ Ըստ նոյն հաղորդումներուն, յատկապէս թիրախաւորուած են հայոց կաթողիկոսները, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, խոշոր վանական համալիրներն ու եկեղեցիները. օրինակ՝ Նորավանքը, Հաղարծինը, Գեղարդավանքը։ Նոյնիսկ փոխուած է Էջմիածնի անունը։
«Ամէն անգամ կը ներկայացուի՝ որպէս ատրպէյճանական, առաւել յստակ ալպանական կամ ուտիական յուշարձաններ։ Ընդ որում, խօսքը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի կառուցուած, գործող կամ չգործող եկեղեցիներու մասին է։ Աւերուած կամ կիսաքանդ հայկական եկեղեցիները կը ներկայացուին՝ իբրեւ հայերու կողմէ աւերուած ատրպէյճանական մշակութային յուշարձաններ։ Սա անմիջականօրէն ուղղուած է հայկական ազգային ինքնութեան վերացման։ Այս բոլորը կը կատարուի «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կեղծ հայեցակարգի շրջանակին մէջ, որով նկատի կ՚առնուի ամբողջ Հայաստանը։ Այս կեղծ հայեցակարգը կը սահմանէ նաեւ, որ Հայաստան պարտաւոր է վերականգնել ու պաշտպանել Ատրպէյճանի աւերուած մշակութային ժառանգութիւնը՝ որպէս հաշտեցման նախապայման։ Արտաքին աշխարհի համար նախատեսուած այս արտաքուստ մարդասիրական պահանջին ներքեւ իրականութեան մէջ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը բոլորովին այլ նպատակներ կը հետապնդէ։ Այս դիրքերէն Ատրպէյճան պարբերաբար հանդէս կու գայ ակրեսիւ հռետորաբանութեամբ՝ փորձելով վարկաբեկել Հայոց Եկեղեցին, Հայաստանը մեղադրել ալպանական կամ ուտիական եկեղեցիները իւրացնելով։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը ջանքեր կը գործադրէ ո՛չ միայն երկրէն ներս, այլեւ երկրէն դուրս կրօնական թշնամանք բորբոքելու համար հայոց դէմ։ Ատրպէյճանի նախագահը մահմետական աշխարհին քանի մը անգամ կոչ ուղղած է վրէժ լուծել հայերէն եւ Հայաստանէն՝ բացարձակ կեղծիքով մեր ժողովուրդը իսլամատեացութեամբ մեղադրելով», նշուած է հիմնադրամի յայտարարութեան մէջ։