ՄԻՇՈՒՍԹԻՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԸ

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան՝ մասնակցելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան վարչապետներու հաւաքին։ Այսպէս, Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի նիստը նախատեսուած է Ծաղկաձորի մէջ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ համարկման գործընթացներու ապագայ զարգացման վերաբերեալ հարցեր։

Հարկ է նշել, որ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու վարչապետներուն Ծաղկաձորի ժամադրութիւնը ունի արտահերթ նիստի մը բնոյթը։

Ծաղկաձորի հաւաքին մասնակից վարչապետներուն միջեւ նախատեսուած են նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս շրջանակին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ կը հիւրընկալէ Միխայիլ Միշուսթինը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2023