ԱՐՑԱԽԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն որեւէ յայտարարութիւն, կոչ կամ բանաձեւ չէ բխած: Նոյնիսկ եթէ հրապարակուէր նման նիւթ մը, այնուամենայնիւ, պարտադիր բնոյթ պիտի չունենար:

ՄԱԿ իրաւականօրէն բոլոր պատճառները ունէր նոյնիսկ առանց արտակարգ նիստ մը գումարելու պարզապէս պահանջելու, որ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի տուած որոշումները կիրարկուէին: Չկիրարկելու պարագային Ատրպէյճան իրաւականօրէն պէտք է պատասխան տար: Միջազգային մակարդակի վրայ նման նախադէպերու պարագային պատժամիջոցներ կ՚որդեգրուին, ինչ որ կը բացակայի Ատրպէյճանի համար:

Ատրպէյճան գիտակից է, որ կրնայ համաձայնութիւններ չյարգել, միջազգային կոչեր, որոշումներ անտեսել եւ մնալ անպատժելի: Գիտակից է, որ Ուքրայնայի պատերազմը, Թուրքիա-Ռուսաստան լարուած համագործակցութեան ընթացքը, տարբեր երկիրներու հետ նաւթի եւ կազի իր գործարքները եւ միջնորդական մրցապայքարը տարբեր պետութիւններու միջեւ՝ երաշխիքներ են իր անպատժելիութեան:

Նկատելի է, որ ՄԱԿ շատ արագ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ գումարած է: Արցախի հարցի միջազգայնացման արագութիւնը որոշ տրամաբանութիւն մը կը յուշէ, անշուշտ, ինչ որ ո՛չ այնքան մարդասիրական բնոյթ մը հաղորդելն է խնդրին՝ որքան աշխարհաքաղաքական մրցապայքարը տարածաշրջանին մէջ: Հիմնական շարժառիթը՝ միջազգային ընտանիքին ժողով գումարելու որոշում տալու կամ միջազգային ատեանի որոշումը չպարտադրելու այս հանգամանքներէն կը բխի:

Նա՛խ կեդրոնանանք մարդասիրական բնոյթ հաղորդելու անպատեհութեան վրայ: Ատրպէյճան յառաջ տանելու համար իր քաղաքական օրակարգը՝ կը փորձէ օգտագործել մարդասիրական տագնապի նիւթը՝ առարկելով, որ նա՛խ Բերձորի միջանցքը փակ չէ, այլ անցակէտ տեղադրուած է Հայաստանէն դէպի Արցախ զինամթերքի փոխադրութիւնը կանխարգիլելու համար: Եւ եթէ մարդասիրական օժանդակութիւն պէտք է հասցնել, ապա այդ պարագային կարելի է օգտագործել Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհը:

Պաքուի ռազմավարական նպատակն էր այլընտրանքային ճանապարհը ընդունիլ տալ ամբողջ միջազգային ընտանիքին։ Սա տարբեր ձեւերով փորձեց յառաջ տանիլ՝ յատկապէս Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ալպանիա եռեակը: Այս ձեւով նախ Պաքու կը փորձէ նուիրականացնել, որ Բերձորը իր տարածքն է, զայն դուրս կը բերէ «միջանցք»ի հասկացողութենէն եւ կը շեշտէ, որ անցակէտ տեղադրելը կամ տեղաշարժ սահմանափակելը իր գերիշխան իրաւասութիւններուն մէջ կ՚իյնայ: Այս բոլորին նպատակն է, հիմնականին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Արցախի կենսաճանապարհը փակելը: Երկրորդ հանգուցակէտը Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբով օժանդակութիւն ուղարկելն է: Ըստ Պաքուին, Ատրպէյճանի «հոգատար» իշխանութիւնները պատրաստ են հանգուցալուծելու՝ երկրին մէջ ապրող «էթնիք ազգաբնակչութեան» օժանդակութիւն ուղարկումը: Եթէ Բերձորի փակումը Հայաստանի հետ կենսաճանապարհի արգելակումն է, երկրորդինը՝ Պաքուի յայտարարած համարկումի օրակարգն է:

Հետեւաբար, Արցախի պաշարումին զուտ մարդասիրական բնոյթ վերագրելը հիմնախնդիրի էութիւնը կը շեղէ: Մարդասիրական աղէտը, պարզապէս, մեթոտաբանութեան մէկ մասն է՝ ցեղային զտում եւ ամբողջական հայաթափում իրականացնելու համար: Արցախի հարցի միջազգայնացման ներկայ միտումներուն մէջ հայկական կողմի ռազմավարական մօտեցումները կրնան խարսխուիլ քանի մը հիմնադրոյթներու վրայ:

Ա.- Կանխարգիլել Աղտամը Բերձորին այլընտրանք նկատելու Պաքուի քաղաքականութիւնը:

Բ.- Բերձորի միջանցքի վերաբացման աշխատանքներուն ընթացքին շեշտել «միջանցք» հասկացողութիւնը՝ նկատի ունենալով այդ հասկացողութենէն հրաժարելու Ատրպէյճանի ճիգերը:

Գ.- Մարդասիրական աղէտի գոյութիւնը արծարծել՝ իբրեւ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուող միջոց՝ ցեղային զտում իրականացնելու եւ ամբողջովին Արցախը հայաթափելու:

Ե.- Վերադարձնել Արցախի հակամարտութեան էութիւնը Արցախի հարցի միջազգայնացման քննարկումներուն՝ շեշտելով ցեղասպանութեան անմիջական վտանգը եւ անոր դիմաց «Ճանաչում յանուն փրկութեան» սկզբունքը:

Արցախի հակամարտութեան վերամիջազգայնացման ներկայ գործընթացներուն յենուլ Արցախի Ազգային ժողովի որդեգրած յայտարարութիւններուն վրայ՝ միշտ իբրեւ բանակցային առանցք նկատի ունենալով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրաւաչափութիւնը:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2023