ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԴԷՊԻ ՆԻՒ ՏԵԼՀԻ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Նիւ Տելհի։ Այսպէս, Արմէն Գրիգորեան պիտի ընդունուի Հնդկաստանի վարչապետ Ներենտրա Մոտիի Ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Աճիտ Տովալի կողմէ։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ վերջին շրջանին պաշտպանական բնագաւառէն ներս համագործակցութեան որոնումները թափ ստացած են, ինչ որ արձագանգ կը գտնէ նաեւ միջազգային լրահոսին մէջ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2023