ՍԵՐՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ շփումներ ունեցաւ Քիեւի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի, վարչապետ Տենիս Շիմալի, նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Անտրիյ Եէրմաքի եւ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրօ Քուլեպայի կողմէ։

Հաքան Ֆիտան Քիեւի մէջ յայտարարեց, որ Թուրքիա հետամուտ է Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի փոխադրութեան գործարքի վերսկսման։ Ուստի, թրքական կողմը բոլոր կողմերուն հետ միշտ պիտի շարունակէ երկխօսութիւնը։

Հաքան Ֆիտան Քիեւէն վերջ կ՚ուղեւորուի դէպի Մոսկուա։

Մինչ այդ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով նշեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ ծրագրուած հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակուին։

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2023