ՏԱԳՆԱՊԷՆ ԴԷՊԻ ԱՂԷՏ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն ցաւ յայտնեց Արցախի շրջափակման համար եւ դատապարտեց զայն։

«Լը Փուէն» հանդէսին տուած հարցազրոյցին մէջ նախագահ Մաքրոն խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած իրավիճակին մասին։ Ան ընդգծեց Ֆրանսայի դերակատարութիւնը եւ յայտնեց, որ ֆրանսական կողմը ճնշում կը գործադրէ դէպի Արցախ մարդասիրական հասանելիութիւնը երաշխաւորելու համար։ Մաքրոն համոզուած է, թէ Փարիզի դիւանագիտութիւնը թէեւ պարզ է, սակայն ներկայիս դիւանագիտութեան ժամանակը չէ։

«Ես կը ցաւիմ ու կը դատապարտեմ այդ շրջափակումը։ Մենք միշտ ըսած ենք, թէ կանգնած ենք ժողովուրդներու ինքնիշխանութեան կողքին։ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը բարդ է։ Այս հարցին մէջ ես չեմ կրնար կրկնել արտայայտուած ամենակոշտ դիրքորոշումները։ Ֆրանսան յստակօրէն դատապարտած է 2020 թուականի պատերազմը ու կազմակերպած՝ բազմաթիւ մարդասիրական գործողութիւններ։ Այսօր մենք հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գտնուի համաձայնութիւն մը, որ թոյլ պիտի տայ տեւական խաղաղութեան հաստատման, նաեւ ժողովուրդներու ու մշակոյթներու պաշտպանութեան։ Այս խաղաղութեան պայմանագիրը անհրաժեշտ է, բայց ան պէտք է համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին», ըսաւ Մաքրոն։

Հարցազրոյցին մէջ ֆրանսացի ղեկավարին կարծիքը շօշափուած է այն մասին, թէ միջազգային մասնագէտները կը փաստեն ցեղասպանութեան գործընթացի մը առկայութիւնը։ Էմմանիւէլ Մաքրոն այս կապակցութեամբ մատնանշած է հետեւեալը. «Ես ձեռնպահ կը մնայի այդքան արագ այդ ձեւակերպումը օգտագործելէ։ Մենք գործ ունինք անընդունելի մարդասիրական իրավիճակի հետ՝ յատկապէս Լաչինի միջանցքին շուրջ։ Ֆրանսայի դերը մարդասիրական հասանելիութեան նպատակով ճնշում մը պահպանելն է եւ մենք առաւելագոյն ջանքերը կը գործադրենք այս ուղղութեամբ։ Մասնաւորապէս՝ մենք կը շարունակենք նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ, որպէսզի սննդամթերք ու դեղօրայք հասցուի Լեռնային Ղարաբաղ եւ այնտեղ ազատ մուտքը պահպանուի։ Բաց աստի, այսօր Հայաստանի սահմաններն ալ վտանգուած են»։

Առկայ ծանր իրավիճակին մէջ միջազգային փորձագէտներ՝ ներառեալ ՄԱԿ-ի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, իրերայաջորդ զգուշացումներով հանդէս կու գան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը մօտաւոր ապագային կրնան լուրջ ֆիզիքական կամ հոգեկան վնասներ կրել։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ յայտնեց, որ Արցախի մէջ իրավիճակը մօտ է մարդասիրական աղէտի վերածուելու։

Երէկ, Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Էլնուր Մամետովի միջեւ։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով նիւթերու շուրջ, նաեւ անդրադարձան իրենց յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին ու հեռանկարներուն։

Իր կարգին, Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանն ալ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի պահանջներուն ընդառաջ զիջումներու երթալը ա՛լ աւելի պիտի խորացնէ ու պիտի բարդացնէ իրենց վիճակը։ «Պէտք է դիմել Ռուսաստանին եւ միւս դերակատարներուն՝ Ատրպէյճանի հետ հանդիպման առաջարկով», նշեց ան եւ աւելցուց, որ առկայ անորոշութեան ու մթութեան մէջ պայքարը ուժասպառ պիտի ընէ Արցախի ժողովուրդը։ «Բաց երկխօսութիւն պէտք է վարել ժողովուրդին հետ, պէտք է նախաձեռնութիւն ցուցաբերել, պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնել։ Պէտք չէ գերագնահատել միջնորդ երկիրներու ջանքերը, նաեւ զանոնք չթերագնահատելով ճիշդ օգտագործել։ Պէտք չէ վախնալ դժուարութիւններէն ու պէտք է մնալ հաստատուն։ Այս իրավիճակէն դուրս գալու ուղիներու որոշելու պատասխանատուութիւնը բոլորինն է։ Պէտք է գործել ո՛չ թէ վախուորած, այլ համարձակօրէն», նշեց պետական նախարարը։

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2023