ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԱՌԵՒԱՆԳԵՑ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ, ՈՐՈՆՑ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ՀԱՄԱՐ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Պաշարեալ Արցախի մէջ զգայացունց իրադարձութիւնները կը շարունակուին բոլոր հարթութիւններու վրայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները մէկ կողմէ կը կրակեն՝ սովամահութեան եզրին հասած բնակչութեան վրայ, իսկ միւս կողմէ այդ երկրի պաշտօնական աղբիւրները ապատեղեկատուութիւններ կը տարածեն՝ հայկական կողմէն հրադադարի խախտումներու մասին։ Այս ծանր իրավիճակին մէջ երէկ լայն արձագանգ գտաւ նաեւ խորապէս անհանգստացուցիչ ուրիշ դէպք մը։ Բերձորի միջանցքի ապօրինի անցակէտին մէջ Ատրպէյճան առեւանգեց հայ երիտասարդներ։ Անոնցմէ մին Երեւանէն ուսանող մըն էր, որ կը ճամբորդէր ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ։ Միւսները մարզիկներ էին։ Այս դէպքը եկաւ ա՛լ աւելի խորացնել ստեղծուած յոռետեսութիւնը։ Երէկ ուշ երեկոյեան Ատրպէյճանի դատախազութիւնը տեղեկացուց, որ երեք հայ երիտասարդներու պարագային ձեռնարկուած քրէական հետապնդումը դադրեցուած է։ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ այս առաւօտ վստահեցուց, թէ Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած երիտասարդները շուտով Ստեփանակերտ կը վերադառնան։ Յամենայնդէպս, այս պահու դրութեամբ մտահոգ սպասումը կը շարունակուի։
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ մասնաւոր յայտարարութիւնով մը արձագանգեց առեւանգման դէպքին։ «Ատրպէյճան անթաքոյց կերպով կը ծրագրէ հաւաքական պատիժի ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ ժողովուրդը», նշուեցաւ նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԱՊԱԳԱՆ
Պաշարեալ Արցախի մէջ ներքին քաղաքական եռեւեփն ալ կը շարունակուի։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի ապագան անորոշ է։ Մնաց որ, երկար ժամանակէ ի վեր արդէն իր իշխանութիւնը կը կաղայ լրջօրէն։ Նախորդ գիշեր Ստեփանակերտի մէջ կրակ բացուած էր Արցախի նախագահի նստավայրին վրայ։ Թէեւ ոստիկանութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ խումբ մը ուշագնաց քաղաքացիներու գործն էր այս մէկը, սակայն, անտարակոյս այս սահմանափակ տեղեկութիւնը համոզիչ ըլլալէ շատ հեռու է՝ մանաւանդ առկայ իրավիճակին մէջ։ Անոնք, որոնք Ստեփանակերտի մէջ իշխանափոխութեան մը հետամուտ են, վերջին շրջանին Արայիկ Յարութիւնեանը հրապարակաւ կը մեղադրեն, թէ ան հակասական միտքեր կ՚արտայայտէ եւ յարափոփոխ որոշումներ կու տայ պաշտօնի գլուխ մնալու կամ չմնալու ճակատագրական հարցին շուրջ։
Երէկ, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնի գլուխ մնալու կամ չմնալու հարցը։ Ան յայտնեց, որ այս օրերուն աւելի նեղ կազմով խորհրդակցութիւններու հիման վրայ պիտի տրուի վերջնական որոշումը։
Արայիկ Յարութիւնեան այս առաւօտ յայտնեց, որ պաշարեալ Արցախի պարագային կը քննարկուի միայն մէկ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի բացման հարցը։ Այս յայտարարութիւնը հնչեց այն համայնապատկերին վրայ, ուր Ատրպէյճան Աղտամի ճանապարհով դէպի Ստեփանակերտ ուղարկել կը փորձէ 40 թոն ալիւր՝ որպէս մարդասիրական օժանդակութիւն։
Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն գրաւեցին նաեւ այլ հաղորդումներ, ըստ որոնց Պաքուի ճնշումներով՝ Արցախի նախագահի Դիմատետրի հաշուեհամարը փակուած է։