ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ
Ղարաբաղեան տագնապին ծիրին մէջ կարեւոր զարգացումները իրարու կը յաջորդեն։ Ինչ խօսք, որ մարդասիրական ճգնաժամը օր ըստ օրէ աւելիով կը սրի, բայց եւ այնպէս, կայ տպաւորութիւն, թէ գալիք օրերուն շատ կարեւոր իրադարձութիւններու ականատես պիտի դառնանք։ «Ձմեռը կը մօտենայ ու եթէ իրավիճակը այս հունով շարունակուի, ապա մենք ականատես պիտի ըլլանք մեծ աղէտի մը», համոզուած է Արցախէն վերլուծաբան Վահրամ Աթաննէսեան, որ զանազան հարթակներու վրայ կ՚ընդգծէ այն միտքը, թէ ներկայ փուլին Արցախի մէջ որեւէ ներքին խլրտում կրնայ պատճառ դառնալ շատ աւելի ծանր իրավիճակներու, որոնց դիմաց բոլորն ալ պիտի դառնան սոսկ ցաւակիցներ ու լաւագոյն պարագային՝ տագնապածներ։ Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերի Արցախի նախագահի անուան շուրջ ասէկօսէներուն, ըստ որոնց, Արայիկ Յարութիւնեան պիտի լքէ պաշտօնը ու պիտի հեռանայ Արցախ աշխարհէն։ Ինչպէս Աթաննէսեան, այնպէս ալ ուրիշներ կ՚ենթադրեն, որ այս փուլին իշխանափոխութեան որեւէ փորձ կրնայ ամբողջութեամբ տապալել Արցախը։
Պատկերացուցէք, եթէ Արցախի նախագահը հեռանայ կամ ինչ-ինչ հանգամանքներով հեռացուի պաշտօնէն, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը Արցախի Ազգային ժողովին, որուն անդամները, ըստ Սահմանադրութեան, ինքնաբերաբար հրաժարական տուած պիտի համարուին, այսինքն՝ խորհրդարանը լուծարուած պիտի համարուի։ Ըստ նոյն վերլուծութիւններուն, եթէ Արցախի ներքին խմորումները Յարութիւնեանը դուրս թողուն մեծ պատկերէն, ապա այդ մէկը իսկական պատրուակ մը պիտի ըլլայ Իլհամ Ալիեւի համար, որ նոյնիսկ վայրկեան մը պիտի չկորսնցնէ ու պիտի անցի իր իսկ ձեւակերպումով «Ղարաբաղը անջատողականներէ մաքրելու ռազմական գործողութեան»։
Պաքուի հաւանական կեցուածքներուն մասին խօսելու ժամանակ պէտք է հաշուի առնել յոռեգոյնը։ Արդարեւ, Ալիեւն ու վարչախումբը կը շարունակեն ապրիլ 2020 թուականի պատերազէն ետք յաղթանակի ուռճացած գինովութեամբ, նաեւ միջազգային հանրութիւնը Պաքուն պատժելու դրութիւններ չ՚ուզեր մշակել։ Անշուշտ, միշտ ի զօրու է նաեւ այն հանգամանքը, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ մեծ նահանջ կ՚ապրի Ռուսաստան, որ իր ամբողջ ներուժը կը ծառայեցնէ շատ աւելի բարդ ու ճակատագրական խնդիրներու լուծման։
Այս բոլորը կարելի է դիտարկել անզէն աչքով, ուստի պէտք է լաւ հասկնալ, որ այս բոլոր արժեչափերն ու կշիռները շատ աւելի մեծ յստակութեամբ կը դիտարկուին նաեւ Ալիեւի վարչամեքենային կողմէ, որուն համար Արցախի հարցը իսկապէս եւ վերջնականօրէն լուծելու օրինաչափութիւնները չունին ու պիտի չունենան աւելի յարմար աստեղային ժամեր՝ քան ներկայ փուլը։
Ֆրանսայի եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին վերաբերեալ հարցի ծալքերն ալ ցոյց կու տան, թէ եկած է քննութեան իրական ժամը։ Հետաւաբար, այս բոլորէն անդին աւելի քան յստակ ու պարզ սկսած է դառնալ, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի քննարկումները կրնան ի վերջոյ նոր իրավիճակ մը ստեղծել, եթէ ըլլայ Ռուսաստանի համաձայնութիւնը։
Հաւաքական Արեւմուտքն ու յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները շատ բարդ եւ նոյնիսկ թշնամական կեցուածքներ ունին Ռուսաստանի դէմ։ Բայց, այս բոլորը արգելք մը չէ, որ այս երկու կողմերը առնուազն առանցք մը գտնեն՝ իրարու հետ խօսելու համար։ Ու չի բացառուիր, որ այս փուլին այդ երկխօսութեան առանցքը դառնայ Հարաւային Կովկասը, աւելի յստակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։
Եթէ ժապաւէնը քիչ մը ետ տանելով կարելի է յիշել, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին ի՛նչ հանդարտութեամբ ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչը մինչեւ վերջ լսեց Ռուսաստանի ներկայացուցիչը՝ նոյնպէս հանդարտ դիտարկումները։ Սա, անշուշտ, կրնայ որոշակի յոյս մը ներշնչել, թէ այս ալիքին կամ այս տագնապին առընչութեամբ երկու հիմնական խաղացողները կ՚ուզեն տեղ մը համաձայնութեան մը ազդանշանը ցոյց տալ։ Մինչ այդ, առկայ իրավիճակի յստակութեան համար շատ աւելի ճիգեր կ՚իրականացնեն Ֆրանսան եւ Եւրոպական Միութիւնը, որոնց հասցէական եւ թելադրական հնչողութեամբ խօսքերը ցոյց կու տան, թէ Արցախը իսկապէս իր բնակչութեամբ յայտնուած է բաւական դժուար եւ նոյնիսկ վտանգաւոր փուլի մը մէջ։ Նոյնպէս շատ կարեւոր է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի վերջին յայտարարութիւնը, ուր ան բացէ ի բաց կ՚ըսէր, որ Արցախի պարագային դիւանագիտութեան ժամանակը արդէն աւարտած է։ Ան համոզուած է, թէ Արցախի տագնապը հատած է ընդունելիի սահմանները եւ պէտք է արագ քայլերու դիմել՝ ապաշրջափակելու համար սովի ու մահուան սեմին յայտնուած արցախցիները։
Հոս է նաեւ, որ կը ծագի մեծ հարցադրումը, որ ո՛չ միայն կը վերաբերի Ֆրանսայի անկեղծ եւ բարեկամական, ջերմ մօտեցումներուն՝ ուղղեալ Հայաստանին ու Արցախին, այլ ուրիշ հանգամանքի մը, թէ Մաքրոն իսկապէս ի վիճակի՞ է լուրջ ճնշումներ գործադրելու՝ հասնելու համար Արցախի մարդասիրական տագնապի լուծման։ Մաքրոնի այս բոցավառ յայտարարութիւններէն անդին, Ֆրանսայէն լսելի կը դառնար, որ այդ երկիրը մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի ուղարկէ դէպի Արցախ։ Եւ այդ բեռը պիտի միանայ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախ առաքուած բեռնատարներու մեծ շարասիւնին, որ շաբաթներէ ի վեր Կոռնիձորի մէջ կը սպասէ։ Մաքրոն ազդանշաններ կու տայ մարդասիրական թիրախով ու բնաւ չի խօսիր Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման մասին։ Ան նաեւ շատ ճարտար կերպով կ՚ակնարկէ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն՝ տեղ մը հաստատելով այն միտքը, թէ առանց Արցախի մարդասիրական պատուհանի բացման՝ անհնար է խօսիլ կամ նստիլ խաղաղութեան սեղանի շուրջ վաւերական թուղթի մը համար։ Այս բոլորին զուգահեռ՝ Ստեփանակերտ եւս կարեւոր քայլերով հանդէս կու գայ։ Արցախէն յայտարարուած է, որ պատրաստ են ուղիղ բանակցութիւններու Պաքուի հետ եւ անոնք պէտք է ըլլան Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ։
Ուրեմն, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ, Ֆրանսա, ապա Ռուսաստան. ահա այս առանցքներով պիտի բանի Արցախի գալիք ժամանակը։
Ճիշդ է, որ տակաւին վաղ է ըսել, թէ հանգուցալուծումը պիտի ըլլայ հարիւր տոկոսով ի նպաստ հայերուն եւ յատկապէս՝ Արցախին, բայց եւ այնպէս, աւելի քան ենթադրելի է, որ Արցախի շուրջ ընթացք առած են ոչ-հրապարակային բանակցութիւններ, որոնք օրակարգի վրայ պիտի բերեն նոր լուծումներու կարեւոր ընթացակարգ մը։
Այդ հաւանական լուծումներէն մին կրնայ կոչուիլ «Լաւրովեան նոր ծրագիր», որուն շուրջ մամուլին մէջ ալ տեղեկութիւններ կը շրջանառուին վերջերս։ Թերեւս ըլլան նաեւ այլ մակարդակի առաջարկներ, սակայն ամենաէակնն է, որ այս փուլին այդ բոլոր թուղթերը իմաստ մը կրնան ստանալ, եթէ Արցախի բնակիչները շարունակեն հաւատալ իրենց հողին ու եթէ շարունակեն կառչած մնալ իրենց օճախէն ու ջուրէն։ Միայն այսպիսի դիմադրութեամբ Արցախը պիտի կարողանայ մաս կազմել հաւանական նոր ընթացակարգերուն, որոնք պիտի ստանան նաեւ միջազգային հանրութեան կանաչ լոյսը։
1990-ականներու կէսէն ի վեր հայ ժողովուրդը ցնծութեամբ նշած է Արցախի անկախութեան տարեդարձները (2 սեպտեմբեր)՝ առանց մտածելու, թէ միջազգային ընտանիքը իսկապէս ի՞նչ կը խորհի այդ կացութեան մասին։
Հիմա իրերը շրջուած են ու կարեւոր է, անշուշտ, որ հայ ժողովուրդը սկսած է տեսնել, թէ Արցախի տագնապը միայն կենացներով եւ անցեալի յաղթանակներու շղարշներով չի լուծուիր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան