7 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

ԱՔ կուսակցութիւնը կը պատրաստուի համագումարի։ Այսպէս, կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը պիտի գումարուի հոկտեմբերի 7-ին։

«Մեր համագումարները որքան որ մեր կուսակցութեան պատմութեան տեսակէտէ յատկանշական են, այնքան ալ թրքական ժողովրդավարութեան համար անկիւնաքարեր կը սահմանեն։ Հոկտեմբերի 7-ին ամուր արժեւորումներ պիտի կատարուին», յայտնեց կուսակցութեան բանբերը՝ Էօմէր Չելիք։

Համագումարին ընդառաջ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինն ալ ժողով մը գումարած է՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի, որ այս կուսակցութեան ղեկավարն է։ Նկատի ունենալով, որ 2024 թուականին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն հազիւ քանի մը ամիս մնացած է՝ այս համագումարը երկրի ներքին քաղաքական օրակարգին վրայ առաւել ուշագրաւ դարձած է։

Էօմէր Չելիք յայտնեց, որ համագումարին ընդառաջ վերատեսութեան ենթարկուած են քաղաքապետական ընտրութիւններուն ուղղեալ պատրաստութիւնները։ «Մեր կուսակցապետը հրահանգած է, որպէսզի հզօր ձեւով պատրաստուինք։ Ան անհրաժեշտը հրահանգած է, որպէսզի նոր շրջանին մեր հզօր քաղաքապետական հասկացութիւնը հասնի այն քաղաքներուն, որոնք մեր ազգին տեսակէտէ ցանկալի ղեկավարման չեն հասած», նշեց բանբերը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2023