30 ՕԳՈՍՏՈՍԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԸ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակի տարեդարձը կը զուգադիպի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան դարադարձին։ Սա հարիւր տարի առաջ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ զինակից ընկերներուն կողմէ տարուած յաղթանակի իմաստին եւ արժէքին նորովի գնահատման առիթ կը դառնայ։ Մեծ յաղթանակը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման ճանապարհին։ Այդ յաղթանակի ոգին դար մը շարունակ միշտ մնաց արծարծուած եւ դարձաւ հասարակաց յայտարար մը՝ երկրի նուաճումներուն եւ յառաջընթացին, վերելքին ու զարգացման տեսակէտէ։ 30 Օգոստոսի մեծ յաղթանակի տօնին ամբողջ երկիրը այսօր հերթական անգամ երանութեամբ եւ անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշէ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքն ու լծակից ընկերները։ Տօնը նաեւ առիթ դարձած է, որպէսզի ամբողջ երկիրը ամրապնդուի այն գիտակցութեան մէջ, թէ երկրի ամբողջականութեան ու միասնականութեան պահպանման ճանապարհին բաժին կը վիճակի իւրաքանչիւր քաղաքացիին։ Արդարեւ, միայն այն համատարած պատասխանատուութեան գիտակցութեան շնորհիւ արծարծուած կը մնայ մեծ յաղթանակի ոգին, որ ժամանակներու մէջ պետութիւնը յաւերժացնելու հիմնական գրաւականն է։
Մեծ յաղթանակի դարադարձին առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ հրապարակած է մասնաւոր պատգամ մը։ Այս առթիւ ան մատնանշած է, որ 30 Օգոստոսը թուրք ազգի դարաւոր պայքարի ամենանուրբ անկիւնադարձներէն մին է։ Այս յաղթանակը թուրք ազգի ազատութեան ու անկախութեան խորհուրդի անմեռ կոթողն է, ինչ որ ամբողջ աշխարհին հռչակած է, թէ անկարելի է ստուեր ածել անոր կամքին վրայ։ Էրտողան շեշտած է, որ այդ նոյն կամքը կը գտնուի այսօր՝ Թուրքիոյ դարը կերտելու վճռակամութեան ետին, երբ աշխարհ կը ցնցուի խոր տագնապներով։ Նախագահ Էրտողան երախտագիտութեամբ ոգեկոչած է մեծ յաղթանակի հրամանատար Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքն ու զինակից ընկերները։