ՄԻԱՅՆ ԿՈՉԵՐ ՈՒ ԽՕՍՔԵՐ

Այսօր պաշարեալ Արցախի Անկախութեան տօնն է։ Սեպտեմբերի 2-ը կը նշուի ամբողջական շրջափակման մէջ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ հրապարակեց պատգամ մը, որու մէջ շեշտեց, թէ Հայաստան պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս բնականոն կենսագործունէութեան, անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովման ուղղութեամբ։ Իսկ Հայաստանի ընդդիմութիւնը այսօր մեծ հանրահաւաք մը կ՚իրականացնէ Երեւանի կեդրոնին։

Լաչինի միջանցքի Ատրպէյճանի կողմէ փակման եւ Արցախի ամբողջական պաշարման պայմաններուն ներքեւ, երէկ, Ատրպէյճանի բանակը հերթական ոտնձգութիւնները կատարեց նաեւ Հայաստանի սահմաններուն դէմ։ Բախումներուն հետեւանքով հայկական բանակէն երեք զինուոր նահատակուեցաւ, երկու զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ։ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան ժամերուն ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց գրառում մը, որու մէջ ըսաւ. «Այսօր Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը անօդաչու թռչող սարքերու եւ ականանետերու կիրառմամբ գրոհեցին Սոթքի եւ Նորաբակի հայկական մարտական դիրքերուն վրայ։ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ոտնձգութիւնները, որոնք կը զուգորդուին ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ, Ատրպէյճանի քաղաքականութեան շարունակութիւնն են»։

Դէպքին կապակցութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ «Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակումը դադրեցնելու հասցէական կոչերու եւ աճող ճնշման պայմաններու ներքեւ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած այս սադրանքը միտուած է նաեւ շեղելու միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը եւ խուսափելու իր պարտաւորութիւններու կատարումէն», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ եւ շեշտուեցաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը վերահաստատէ սկզբունքային դիրքորոշումը, ըստ որու Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու բոլոր ստորաբաժանումները պէտք է դուրս գան իր ինքնիշխան տարածքէն։

Աւելի ուշ նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանն ալ յայտնեց, որ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ բեռներու տեղափոխման համար այլընտրանքային ճանապարհներու վերաբերեալ որեւէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէ բերուած անցեալ յուլիսի 15-ին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ժամանակ՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահին մասնակցութեամբ։ Այսպէսով բանբերը հերքեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած պնդումները։

Բաց աստի, ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելն ալ երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս մարդասիրական իրավիճակը սրընթաց կը վատթարանայ եւ հրամայական է տեղւոյն բնակչութեան կարիքներու դիմագրաւման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկելը։ Իր խօսքով՝ եւրոպական կողմը կ՚առաջարկէ քայլեր, որոնք կրնան նպաստել Արցախի մէջ լարուածութեան թուլացման։ ԵՄ հաստատակամ է նաեւ, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է վերաբացուի՝ նախկին պայմանաւորուածութիւններու եւ միջազգային դատարանի վճռին համապատասխան։ Ան համոզուած է, թէ Ատրպէյճանի կողմէ առաջարկուած Աղտամի ճանապարհի օգտագործումը եւս մատակարարումներու համար կրնայ ըլլալ յստակ ու կայուն լուծման մաս։ «ԵՄ նաեւ կ՚ընդգծէ Պաքուի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայոց Լաչինի միջանցքով դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ տեղաշարժերու ընթացակարգերու յստակեցումը», ըսաւ ան, նաեւ կարեւորեց Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութիւնը։ Ըստ Միշելի, առկայ լարուածութեան լոյսին տակ խիզախ փոխզիջումային լուծումներու պահը հասած կը համարուի։

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց Շարլ Միշելի յայտարարութեան։ Պատասխանին մէջ առանցքային բաժին վերագրուեցաւ այն պնդումին, թէ Պրիւքսելի բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի տարբեր երթուղիներով ապրանքներ առաքուին դէպի Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանը, ինչպէս նաեւ Լաչինի ճանապարհի օգտագործումը աշխուժանայ՝ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհի բացման զուգահեռ։ Ուստի, Պաքու Երեւանը մեղադրեց այդ պայմանաւորուածութիւնները խախտելու մէջ։ Երեւանն ալ անմիջապէս հրապարակեց իր պարզաբանումը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2023