ԷՐՏՈՂԱՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ դատական նոր շրջանի սկիզբին առթիւ։ Վճռաբեկ ատեանէն ներս տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ան կարեւոր պատգամներ տուաւ՝ նոր սահմանադրութեան մշակման հարցին շուրջ։ «Մեր ազգի իրաւունքն է նոր սահմանադրութիւն մը։ Այլեւս պէտք է ազգի դատին ներկայացնենք շարադրանք մը, որ 85 միլիոնին կողմէ կրնայ իւրացուիլ եւ կրնայ ընկալուիլ՝ որպէս սեփական սահմանադրութիւն», ըսաւ ան։

Էրտողան շեշտեց, որ իրաւական պետութիւնը այս որոնումներուն մէջ պէտք է ըլլայ կարմիր գիծ։ Յառաջիկայ շրջանին բարեփոխումներ կեանքի կոչելու ուղղութեամբ արտայայտութիւններ ալ ունեցաւ Էրտողան, որ կարեւորեց դատավճիռներու տրամաբանական ժամկէտներու մէջ արձակման հարցը։

«Մեր խոստումն է առաջին կարգի սահմանադրութիւն մը պատրաստել», ընդգծեց ան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2023