ԱՆԳԱՐԱ-ԱԹԷՆՔ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիա-Յունաստան առանցքին վրայ ներկայ աշունը կ՚ենթադրէ զգալի աշխուժութիւն մը։ Անգարայի եւ Աթէնքի ղեկավարութիւններու միջեւ դիւանագիտական խտացեալ շփումներ կը նախատեսուին այս շրջանին։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կը հիւրընկալէ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Երափեթրիտիսը։ Այս ժամադրութեան անմիջապէս պիտի յաջորդէ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէրի Աթէնք այցելութիւնը, ուր ան պիտի հիւրընկալուի իր պաշտօնակցին՝ Նիքոս Տենտիասի կողմէ։

Նախարարներու հանդիպումներէն վերջ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփում մը կը ծրագրուի Նիւ Եորքի մէջ, ուր Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ Յունաստանի վարչապետ Միցոթաքիս պիտի մէկտեղուին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի օրերուն, սեպտեմբերի 17-21-ին։ Երկու ղեկավարները վերջին անգամ տեսակցած էին յուլիսին, ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի օրերուն։

2019 թուականէն ի վեր լարուածութիւններու բովէն անցած Անգարա-Աթէնք յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս լուրջ մեղմացում մը խնդրոյ առարկայ է։ Դիւանագիտական այս երթեւեկի օրացոյցին վրայ տեղ պիտի գտնէ նաեւ Թուրքիա-Յունաստան բարձր մակարդակով ռազմավարական խորհուրդի ժողովը, որ պիտի կազմակերպուի Թեսաղոնիկէի մէջ։ Երկխօսութեան միջոցներու բանեցման հետամուտ՝ կողմերը պիտի իրականացնեն նաեւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ միջոցառումներու օրակարգով հաւաք մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2023