ԱՆՀԵՌԱՆԿԱՐ ԲԱՆԱՎԷՃ
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները կը խորանան՝ Հարաւային Կովկասի բարդ հաւասարակշռութիւններու համայնապատկերին վրայ։ Պատերազմի մէջ պարտութեան հետեւանքով Հայաստան աննկարագրելի անելի մը մատնուած է, որու դրսեւորումներու ահագնացման զուգահեռ՝ Ռուսաստանէն յուսախաբութիւնն ալ կը բազմապատկուի։ Այս անվստահութիւնը կը հրահրուի նաեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ Ռուսաստանի մատնուած ծանր կացութեամբ՝ քանի Ուքրայնայի պատերազմը այնպիսի հունի մը մէջ կ՚ընթանայ, որ անոր ազդեցութեան ոլորտները թափով կը սահմանափակուին։ Այս բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ անհեռանկար բանավէճ մը ծագած է եւ փոխադարձ մեղադրանքները հետզհետէ դուրս կու գան դիւանագիտական ոճի պատշաճութեան սահմաններէն։
Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ վերջերս արեւմտեան մամուլին միջոցաւ բարձրաձայնուած մեղադրանքները երէկ անմիջապէս արձագանգ գտան Մոսկուայէն։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա եւ Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով թարգման հանդիսացան ռուսական կողմի բողոքին։ Այսպէս, Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսաստան չի պատրաստուիր հեռանալ Հարաւային Կովկասէն եւ Հայաստանէն։ Բանբերը աւելցուց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ տանիլ Հարաւային Կովկասի՝ մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան երաշխաւորի դերը։ «Ռուսաստան այս տարածաշրջանի անբաժանելի մասն է», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Ռուսաստանի մէջ Հայաստանի բաղդատմամբ շատ աւելի մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններուն լոյսին տակ՝ Փեսքով նշեց նաեւ, որ Հայաստան պէտք չէ Արեւմուտքին գործիքը դառնայ՝ Ռուսաստանը տարածաշրջանէն դուրս մղելու ուղղեալ ջանքերուն մէջ։
Իր կարգին, Մարիա Զախարովան ալ շեշտեց, որ Ռուսաստան քայլեր կը ձեռնարկէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական տագնապը կարգաւորելու ուղղութեամբ։ Թէեւ Փեսքով նշեց, որ իր երկիրը Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը կը պատկերացնէ երկու հաւասարներու յարաբերութեան ձեւաչափին մէջ, սակայն Մարիա Զախարովայի երէկուան յայտարարութիւնները հասան ներքին գործերու միջամտութեան եզրին։ Այսպէս, ան յայտնեց, որ ռուսական կողմը հայկական կողմէն պարզաբանումներ խնդրած է՝ Հռոմի սթաթիւի վաւերացման համար խորհրդարան ուղարկելու հարցին շուրջ։ Զախարովա բուռն ոճով արտայայտուեցաւ նաեւ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւններուն մասին եւ ըսաւ. «Սա է տարբերութիւնը պետական գործիչի եւ երկրի շահուն մասին չմտածող մարդու միջեւ»։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստանի ղեկավարներու հռետորաբանութիւնը արդէն կոպտութեան նմանիլ սկսած է։ Անդրադառնալով Արցախի առկայ պաշարման՝ Մարիա Զախարովա հերթական անգամ կրկնեց ռուսական կողմին դիրքորոշումը եւ այդ կրկնութեան տողատակին պատասխանեց նաեւ Փաշինեանի կողմէ Արցախի ռուս խաղաղապահներուն հասցէագրուած քննադատութիւններուն։ «Հանդէս կու գանք թէ՛ Լաչինի եւ թէ Աղտամի երթուղիներով մարդասիրական բեռներու անարգել մուտքին ի նպաստ, կոչ կ՚ուղղենք այս հարցի անտեղի քաղաքականացումէն խուսափելու», ըսաւ ան։
Երեւան-Մոսկուա առկայ տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ կը շարունակէ ուշադրութիւն դարձնել տարածաշրջանի իրադրութեան նկատմամբ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալը՝ Վետանթ Փաթել ըսաւ. «Մենք խորապէս անհանգստացած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական պայմաններու վատթարացմամբ, ինչ որ սննդամթերքի, դեղօրայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու շարունակական արգելափակման հետեւանքն է։ ԱՄՆ վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին կ՚աշխատի կողմերուն հետ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն հասնի։ Մենք կը կրկնենք մեր կոչը՝ անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը մարդասիրական, առեւտրային եւ ուղեւորներու փոխադրումներու համար»։
Կը հաղորդուի, որ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին՝ սեպտեմբերի 11-ին Հայաստանի մէջ պիտի սկսին ԱՄՆ-ի հետ համատեղ զօրավարժութիւններ, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ սեպտեմբերի 20-ը։
Բաց աստի, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի Արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ Իսրայէլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Ցախի Հանեկպիի հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այցելութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Իսրայէլէն Ատրպէյճան սպառազինութեան հաւանական նոր մատակարարումներու շուրջ խօսակցութիւններ շրջանառութեան մէջ կը գտնուին։
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ։ Քննարկուեցան տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը ընդգծեցին, որ հրատապ է պաշարեալ Արցախի բնակչութեան՝ յատկապէս խոցելի խումբերու տեսակէտէ կանխել տագնապը, որ օրէ օր կը խորանայ։ Միրզոյեան ցաւ յայտնեց, որ միջազգային գործընկերներու հասցէական պատգամները բաւարար չեն դառնար տեղւոյն վրայ դրական փոփոխութիւն ապահովելու եւ Ատրպէյճանը շինիչ դաշտ վերադարձնելու համար։