ԴՐԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Երափեթրիտիսը։ Անգարա-Աթէնք դրական օրակարգի համայնապատկերին վրայ բիւրեղացաւ այս այցելութիւնը, որ կը զուգադիպի երկու հարեւաններու միջեւ դիւանագիտական շփումներու խտացման ժամանակաշրջանին։ Կը հաղորդուի, որ Թուրքիա եւ Յունաստան այս փուլին համամիտ են՝ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ նոր մօտեցումներ որդեգրելու համար։

Անգարայի բանակցութիւններէն վերջ, համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հաքան Ֆիտան ըսաւ. «Պատրաստակամ ենք մեր հարեւան Յունաստանին հետ առանց նախապայմաններու երկխօսութիւնը տեւականացնելու եւ բոլոր բնագաւառներէ ներս մեր յարաբերութիւնները հասարակաց շահերու հիման վրայ զարգացնելու։ Մեր խնդիրները կրնանք լուծել իրաւունքներու եւ շահերու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքով, միջազգային իրաւունքի հիման վրայ»։

Իր կարգին, Երափեթրիտիսն ալ նշեց, որ համակարծիք գտնուած են, որպէսզի դրական օրակարգը շարունակուի։ Ան նշեց նաեւ, որ Յունաստան կը խրախուսէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացը։

Նախարար Ֆիտան ասուլիսի ընթացքին մանրամասնութիւններ հաղորդեց բանակցութիւններու բովանդակութեան շուրջ։ Այսպէս, Եգէականի եւ Արեւելեան Միջերկրականի խնդիրները ենթարկուած են ծաւալուն արժեւորման։ «Եգէականի պարագային առկայ են տարակարծութիւններ, որոնք անցեալին կը քննարկուէին խորհրդակցութիւններով։ Յառաջիկայ շրջանին այս գործընթացի վերսկսման վրայ կանգ առինք», ըսաւ Ֆիտան եւ աւելցուց, որ ապօրինի գաղթը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ մրցակցութեան, այլ համագործակցութեան ոլորտ մը։ Արդարեւ, թրքական կողմը չի փափաքիր նոր մահերու ականատես ըլլալ Եգէականի մէջ։

Հաքան Ֆիտան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն շուրջ առնուած են բազմաթիւ դրական քայլեր եւ նոյն դրական մօտեցումը կ՚ակնկալուի Յունաստանի բնակիչ ցեղակիցներու պարագային։ «Յունաստանի մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման նկատմամբ կ՚ընծայենք մեծ կարեւորութիւն։ Օսմանեան կոթողներու վերանորոգութեան համար պատրաստ ենք աջակցութիւն ցուցաբերելու։ Ընդգծեցինք, որ այս հարցին շուրջ կրնանք փոխադարձ համագործակցիլ», ընդգծեց Ֆիտան։

Ի լրումն այս բոլորին, Անգարայի բանակցութիւններուն ընթացքին շօշափուած են տարածաշրջանային իրադարձութիւնները՝ ներառեալ Ուքրայնայի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ կացութիւնները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2023