ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէէն ներս բացուեցաւ Սուրիոյ մասնաւոր լսարան մը, ուր ուսանողները հնարաւորութիւն պիտի ունենան խորանալու այդ երկրի մշակոյթին վրայ։ Երեւանի մօտ Սուրիոյ դեսպանութիւնն ու Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարութիւնը ապահոված են, որ այս յատուկ լսարանը ընդգրկէ շուրջ 100 գիրք։

Լսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Երեւանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան, Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Ռուբէն Մելքոնեան եւ այլք։

Կը նախատեսուի, որ յառաջիկային այս լսարանը համալրուի ելեկտրոնիք գրատախտակներով, ինչ որ համալսարանի ներդրումը պիտի ըլլայ այս ծրագրին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2023