ՉՈՐՐՈՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ այցելեց Քիեւ, ուր հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ պետական աւագանիէն այլ բարձրաստիճան դէմքերու կողմէ։ Քիեւի շփումներուն ընթացքին պետական քարտուղարը բարձր գնահատեց Ուքրայնայի բանակին կողմէ արձանագրուած յառաջխաղացումը՝ հակայարձակման ընթացքին, որ կը տեւէ շուրջ 4 ամիսէ ի վեր։ ԱՄՆ արդէն 1 միլիառ տոլար արժողութեամբ օժանդակութեան նոր նախաձեռնութիւն մը կը կատարէ ի նպաստ Ուքրայնայի։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ուաշինկթընի կողմէ Քիեւին յատկացուած ռազմական օժանդակութիւնը արդէն գերազանցած է 44 միլիառ տոլարի մակարդակը։ Ուքրայնայի բանակը վերջին շաբաթներուն յաջողած է Ռուսաստանի պաշտպանութիւնը յաղթահարել՝ մասնաւորապէս երկրի հարաւի ճակատներուն վրայ։ «Մենք կ՚ուզենք վստահ ըլլալ, թէ Ուքրայնա անհրաժեշտ ամէն ինչին տէր է՝ ոչ միայն հակայարձակման մէջ յաջողութեան հասնելու համար, այլեւ երկարաժամկէտ հզօր ու զսպող ուժ մը ըլլալու ուղղութեամբ», յայտնեց Պլինքըն։
Պատերազմի սկիզբէն ի վեր սա ամերիկացի պետական քարտուղարին արդէն 4-րդ այցելութիւնն է դէպի Ուքրայնա։