ՁԻՒՆԱՀԱԼԻ ԵՆԹԱԳԵՏԻՆ
Անգարա երէկ հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով կոմիսար Օլիվեր Վարհելյին, որ օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։ Յանձնակատարը այս առթիւ յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է յառաջխաղացում արձանագրելու՝ գործարարներու եւ ուսանողներու համար տրամադրուած վիզաներու ընթացակարգի դիւրացման ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Հաքան Ֆիտանն ալ շեշտեց, որ ճանապարհ պէտք է բացուի Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութեան գործընթացին առջեւ։ Նախարարը յայտնեց, որ մաքսային միութեան համաձայնութեան թարմացման եւ մուտքի արտօնութիւններու դիւրութեան աշխատանքները մօտաւոր ապագային պիտի սկսին։ Եւրոպացի յանձնակատարն ալ տեղեկացուց, որ մինչեւ տարեվերջ շօշափելի քայլեր պիտի առնուին։ Վարհելյիի այցելութիւնը զուգադիպեցաւ այն շրջանին, երբ արդէն ընդլայնման նոր ալիք մը հորիզոնին վրայ ուրուագծուած է Եւրոմիութեան պարագային։
Հաքան Ֆիտան յանձնակատարին այցելութեան առթիւ շեշտեց, որ ԵՄ իսկական դերակատար մը չի կրնար ըլլալ՝ առանց Թուրքիոյ։ Թուրքիան ընդլայնման քաղաքականութեան գործընթացէն դուրս թողելը մեծ սխալ մը պիտի ըլլայ։ Անգարա կ՚ակնկալէ, որ Եւրոմիութեան ղեկավարներու տեղեկագիրներուն մէջ ցոլանան այս մօտեցումն ու շօշափելի քայլերը։ Թուրքիոյ սպասումն է, որ ջնջուին ԵՄ-ի խորհուրդի 2018 թուականի որոշումները։ «Մեր փափաքն է, որ ԵՄ չհանդուրժէ քաղաքական խոչընդոտներուն, անհրաժեշտ կամքը դրսեւորէ ու աւելի համարձակ վարուի։ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները պէտք չէ կարգ մը երկիրներու շահերու պատանդը դառնան», ըսաւ Հաքան Ֆիտան։
Յանձնակատար Վարհելյին ալ յայտնեց, որ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները կրնան զարգացուիլ։ «Մուտքի արտօնութիւններու դիւրացման վերաբերեալ գործընթացին մէջ յառաջանալու պատրաստ ենք։ Ես ծայր աստիճան լաւատես եմ։ 2030-ի դրութեամբ Եւրոմիութիւնը նոր անդամներ պիտի ունենայ։ Թուրքիոյ դիրքը յստակ է։ Բանակցութիւնները սառած վիճակի մէջ են եւ անոնց վերսկսման համար կարգ մը չափանիշներ որդեգրուած են ԵՄ-ի խորհուրդին կողմէ։ Անոնք կը վերաբերին ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան։ Այս բնագաւառներէն ներս ապագայի ուղղեալ համոզիչ ճանապարհային քարտէսի մը պատրաստութիւնը կրնայ նոր վէճեր հրահրել», ըսաւ ան։