ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ

Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ դէպի Իսրայէլ ուղեւորութեան շրջանակներէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ։ Այցելութեան ընթացքին լրատուամիջոցներուն համար կատարած յայտարարութիւններուն ժամանակ ան բարձր գնահատեց պաշտպանութեան ոլորտէն ներս իր երկրին համագործակցութիւնը Իսրայէլի հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ամբողջին մէջ։ Իր խօսքով՝ այդ համագործակցութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենայ հակամարտութեան մէջ եւ Ատրպէյճան երախտապարտ է Իսրայէլին։

Անդրադառնալով Իրանի հետ յարաբերութիւններուն՝ Հաճիեւ ըսաւ. «Կարեւոր է հարեւան երկիրներու հետ ամուր կապերու եւ համագործակցութեան հաստատումը։ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական բարեկամութիւնը չի նշանակեր բացառել Իրանի հետ բարեկամութիւնը։ Այնուամենայնիւ, Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացումէն յետոյ Իրանի հետ լարուածութիւնը աճած է»։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Հաճիեւ ուրախութիւն յայտնեց նաեւ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու ջերմացման բերումով, անոնց միջեւ տեսնելով փոխադարձ ըմբռնում։ Ան հաւանական նկատեց, որ համագործակցութիւնը եռակողմանի ձեւաչափի մէջ ալ շարունակուի։ Բարձրաստիճան պաշտօնատարը յայտնեց, որ Ատրպէյճան նպաստած է Իսրայէլ-Թուրքիա հաշտեցման։ Ի լրումն այս բոլորին, Հիքմէթ Հաճիեւ նշեց, որ Պաքուի արտաքին քաղաքականութիւնը անկախ է։ «Իսրայէլի հետ համագործակցութիւնը ուղղուած չէ որեւէ երկրի դէմ», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, Պաքուի մէջ ալ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ընդունեց՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը։ Ծանօթ է, որ Խովաեւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն գծով Լաւրովի յատուկ ներկայացուցիչն է, նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահը։ Խովաեւի հետ զրուցելու ընթացքին Պայրամով պնդեց, որ Հայաստան կը միջամտէ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Երեւան-Պաքու ենթադրուած խաղաղութեան գործընթացին եւ տարածաշրջանի առկայ իրավիճակին շուրջ։ Ըստ Պայրամովի պնդումներուն՝ հայկական կողմի յայտարարութիւնները, հռետորաբանութիւնն ու սադրանքները կը խաթարեն խաղաղութեան օրակարգը եւ ուղղուած են Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ։ Այդ բոլորը կը վնասեն տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն եւ նախաձեռնութիւններուն։ Ի շարունակութիւն Պայրամով նշած է, որ անհիմն են Հայաստանի պնդումները, ըստ որոնց տարածաշրջանէն ներս մարդասիրական լարուած իրավիճակ եւ շրջափակում առկայ է։ Ան այս բանին ապացոյցը համարեց՝ Աղտամ-Ստեփանակերտ ճանապարհի բացման զուգահեռ Լաչինի ճանապարհի օգտագործման աշխուժացման՝ Հայաստանի կողմէ մերժուիլը։ Ուստի, Պայրամով կարեւորեց միջազգային հանրութեան կողմէ Հայաստանի նման քայլերուն դատապարտումը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023