ԴԱՇՏԻ ՎՐԱՅ ՀԱՇԻՒՆԵՐ
Էսկիշեհիրի մէջ, այսօր երեկոյեան տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Հայաստան ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն հանդիպումը։ 2024 թուականի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպումներու շրջանակին մէջ նախատեսուած է այս մրցումը։ Անցեալ մարտին թրքական ընտրանին Հայաստանի մէջ հիւրընկալուած էր, իսկ ներկայիս՝ պատասխան-խաղին հայկական ընտրանին կը հիւրընկալուի Թուրքիոյ մէջ։ «Եւրօ-2024»ի որակաւորման փուլին D խմբակցութիւնը կը հանդիսանայ մեծ մրցակցութեան թատերաբեմը։
Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը հասաւ Էսկիշեհիր, ուր երեկոյեան ժամերուն պարապմունք մըն ալ իրականացուց այն մարզադաշտին վրայ, ուր այսօր տեղի կ՚ունենայ մրցումը։ Հայկական հաւաքականի աւագ մարզիչ Օլեքսանտր Փեթրաքով սարքեց նաեւ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտնեց, որ խումբը պատրաստ է այսօրուան խաղին։ Ան համոզուած է, թէ Թուրքիա եթէ այսօր առաւելութեան հասնի մրցման արդիւնքին, ապա արդէն ապահովագրած կ՚ըլլայ «Եւրօ-2024»ին մասնակցելու իրաւունքը։ Թրքական մամուլն ալ կը գրէ, որ այդ ուղեգիրը ունենալու համար այսօր բուռն պայքար մը պէտք է մղեն՝ աւագ մարզիչ Սթեֆան Քունցի սաները։
Հայկական հաւաքականի մարզիկներն ալ համոզուած են, թէ D խմբաւորումէն ներս իրենց առջեւ մնացած բոլոր՝ 5 խաղերը ունին աւարտականի նշանակութիւն, որպէսզի կարողանան մասնակցիլ յաջորդ տարուան մրցաշարքին։
Թուրքիա-Հայաստան խաղի իրաւարարն է Տանիէլէ Օրսաթօ (Իտալիա)։ Խաղը կը սկսի Թուրքիոյ ժամով 21.45-ին (Հայաստանի ժամով՝ 22.45-ին)։
D խմբաւորման մէջ ներկայիս Թուրքիան 9 միաւոր ապահոված է՝ չորս խաղի արդիւնքին եւ կը զբաղեցնէ առաջին հորիզոնականը։ Երկրորդ հորիզոնականի վրայ է Հայաստանը, որ 3 խաղի արդիւնքին ապահոված է 6 միաւոր։ Երրորդ հորիզոնականին վրայ է Խրուաթիան, որ ունի 4 միաւոր՝ 2 խաղի արդիւնքով։ Այսօրուան խաղէն վերջ, յառաջիկայ երկուշաբթի ալ Հայաստանի հաւաքականը Խրուաթիան պիտի հիւրընկալէ Երեւանի մէջ։ Այսինքն, հայկական աւագանիին տեսակէտէ ալ D խմբաւորումէն ներս նուրբ փուլ մը խնդրոյ առարկայ է՝ քանի ան իրերայաջորդ կը մրցի այն խումբերուն հետ, որոնք աղիւսակին վրայ իրեն կը նախորդեն եւ կը յաջորդեն։
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան Թուրքիոյ Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Մեհմէտ Պիւյիւքէքշի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արման Մելիքբէկեանի։ Երկու երկիրներու ֆութպոլի ոլորտի ներկայացուցիչները ճաշասեղանի շուրջ զրուցեցին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Պիւյիւքէքշի եւ Մելիքբէկեան նաեւ փոխանակեցին երկու հաւաքականներուն մարզաշապիկները՝ որպէս յիշատակ։