«G 20»Ի ՆԻՒ ՏԵԼՀԻԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Նիւ Տելհիի մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը, որ համախմբեց համաշխարհային յառաջատար դերակատարներու ղեկավարները։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւս մասնակցեցաւ գագաթաժողովին, որու շրջանակներէն ներս ունեցաւ նաեւ կարեւոր երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ծիրէն ներս ան հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Պրազիլի նախագահ Լուիզ Ինասիօ Լուլա տա Սիլվայի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավար Շէյխ Մուհամմէտ պին Զայիտ էլ Նահիանի, Ճաբոնի վարչապետ Քիշիտա Ֆումիոյի, Հարաւային Քորէայի նախագահ Եուն Սուք-Եէոլի, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ եւ այլն։

Գագաթաժողովի ընթացքին Էրտողան անդրադարձաւ կլիմայի փոփոխութեան եւ բնապահպանութեան հարցերու շուրջ Թուրքիոյ կողմէ առնուած քայլերուն։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան շեշտեց, որ թրքական կողմը խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին վերջ տալու նպատակով։ Հացահատիկի փոխադրութեան գործարքին շուրջ տարուած աշխատանքներն ալ մատնանշեց նախագահը, որ Ճօ Պայտընի հետ ալ շօշափեց «Ֆ-16» ռազմաօդանաւներու վերաբերեալ հարցեր։ Ան մասնաւորապէս խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մասին։ Շարլ Միշելի հետ ունեցած հանդիպման լոյսին տակ ան ըսաւ. «Ի՞նչ պիտի խօսիս Շարլ Միշելին հետ, Եւրոմիութիւնը պիտի քննարկես։ Շարլ Միշել առանձին որոշում տալու լիազօրութիւն չունի։ Ան ալ ջանք կը գործադրէ, որպէսզի Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն հետ տեսակցելով որոշում մը տայ։ Եւրոմիութեան անդամ երկիրները մեզ յիսուն տարիէ ի վեր կը ձգձգեն։ Այսօր ալ նոյնը կ՚ընեն։ Ինչ որ ալ ընեն, Թուրքիան Թուրքիա է։ Մենք կը շարունակենք մեր ճանապարհը»։

Միւս կողմէ, «G20»ի Նիւ Տելհիի գագաթաժողովի ընթացքին հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութիւնը զայրացուց Քիեւի ղեկավարութիւնը։ Այստեղ բողոքի պատճառ դարձաւ, որ Ռուսաստան ուղղակիօրէն չէ պախարակուած Ուքրայնայի պատերազմին պատճառով։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2023