ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԲԵՌՆԵՐ ՄՏԱՆ ԱՐՑԱԽ

Պաշարեալ Արցախը շաբաթավերջին ընդունեց Ռուսաստանի Կարմիր խաչին կողմէ ուղարկուած բեռները։ Ստեփանակերտի աղբիւրներու հաղորդումներով, օգնութիւնը կը պարունակէ ռուսական արտադրութեան կենսական նշանակութեամբ ապրանքներ։ Համապատասխան բեռները Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուած են Ռուսաստանի Կարմիր խաչին միջոցաւ, այդ կազմակերպութեան բեռնատարներով։

Ըստ Արցախի տեղեկատուական շտապին, Ռուսաստանի կառավարութիւնը հանդէս եկած է մարդասիրական օժանդակութեան նախաձեռնութեամբ՝ հաշուի առնելով ստեղծուած մարդասիրական տագնապը։ «Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի կողմէ լիակատար շրջափակման հետեւանքով յառաջացած սուր մարդասիրական խնդիրները մեղմելու անհրաժեշտութիւնը, որոշած են թոյլ տալ Ասկերան քաղաքով ռուսական բեռներու մուտքը։ Միեւնոյն ժամանակ, պայմանաւորուածութիւն գոյացած է, որպէսզի Լաչինի միջանցքով վերականգնուին մարդասիրական բեռնափոխադրումները՝ ռուս խաղաղապահներու եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ», նշուած է Ստեփանակերտի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։

Միւս կողմէ, Պաքուի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց այս իրադարձութեան։ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի Արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ սա առանձին գործարք մըն է ու պէտք չէ շփոթել Աղտամ-Ստեփանակերտ եւ Լաչին-Ստեփանակերտ ճանապարհներու միաժամանակեայ բացման առաջարկին հետ։

Միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցներու վառ հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Ռուսաստանի կողմէ ուղարկուած բեռները համաձայնեցուած են Ատրպէյճանի Կարմիր մահիկին հետ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2023