ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ՝ ԵԼԵԿՏՐՈՆԻԿ ՀԱՆՐԱԿԱՌՔԵՐ

Երեւանի կեդրոնին արդէն սկսած են գործել ելեկտրական հանրակառքեր։ Յառաջիկային կը նախատեսուի հետզհետէ բարձրացնել անոնց թիւը։ Ելեկտրական հանրակառքերու երթեւեկութեան սկսելուն առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Երեւանի փոխ-քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկային Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Տիգրան Աւինեան այս շրջանակին մէջ Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած է՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ, որ խորհրդարանէն ներս ունեցած մեծամասնութեամբ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի երկրին մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2023